Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը, ցաւօք, յառաջընթաց չէ արձանագրած: Տպաւորութիւն կայ, որ հակամարտող կողմերը լուծման բեռը կը ձգեն ապագայ սերունդներու ուսերուն: Այս մասին «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ, 1992-1996-ին Ռուսիոյ միջնորդական առաքելութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վլատիմիր Քազիմիրով:
«Ինծի համար անյարմար է հայաստանեան լրատուամիջոցի հետ խօսիլ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն մասին: Ես պիտի նախընտրէի Ազրպէյճանի մէջ քննադատել ազրպէյճանական իշխանութիւնները, սակայն ստիպուած եմ խօսիլ: Իլհամ Ալիեւի նախագահութեան տարիներուն բանակցային հոլովոյթին մէջ որեւէ դրական տեղաշարժ չկայ: Անոնք կը փորձեն յառաջ մղել «բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրում»-ը: Սակայն ատիկա կարելի չէ` առանց փոխադարձ զիջումներու: Ազրպէյճանի ներկայ իշխանութիւնները ունակ չեն փոխզիջումներու», ըսած է Քազիմիրով:
Ըստ անոր, Ազրպէյճանին ձեռնտու է տագնապի անլոյծ մնալը: «Ազրպէյճանը ղեկավարող վերնախաւը եւ անձամբ Իլհամ Ալիեւը կը խաբեն իրենց ժողովուրդը ցուցադրական հայրենասիրութեամբ: Անոնք սադրանք կը կատարեն, արձակազէններ յառաջ կը բերեն եւ այլն: Ի յայտ կու գայ, որ անոնց ճիշդ այդ պէտք է` խաբել սեփական ժողովուրդը ցուցադրական հայրենասիրութեամբ: Անոնք կը շնչեն թշնամանքով` փոխանակ փոխզիջումներ փնտռելու», նշած է ան:
Վլատիմիր Քազիմիրով ըսած է, որ Ազրպէյճան կորսնցուցած է որոշակի տարածքներու նկատմամբ վերահսկողութիւնը, որովհետեւ «անհեթեթութեան հասցուցած է տագնապը ուժով լուծելու ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը»:
«Ազրպէյճան շարունակ կը խախտէր ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որուն պահանջով անյապաղ պէտք էր դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները, թշնամական գործողութիւնները», նշած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները կը պահանջեն բանակցային հոլովոյթին մէջ Ղարաբաղի մասնակցութիւնը, արդեօք ասիկա պիտի օգնէ՞ արագացնելու լուծումը, դիւանագէտը ըսած է, թէ ինք տարիներ շարունակ զբաղած է Ղարաբաղը իբրեւ բանակցային կողմ ճանչնալու հարցով:
«Յետխորհրդային տարածքին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր տագնապները դասական եղած են` ունեցած են հակամարտող երկու կողմ: Իսկ Ղարաբաղը այլ է: Եղած են դէպքեր, երբ նոյնիսկ Երեւանի ու Ստեփանակերտի միջեւ հակասութիւններ եղած են: Այն, որ Ղարաբաղը տագնապի կողմ է, հետեւաբար պէտք է ըլլայ նաեւ բանակցութեան մասնակից, ասիկա ակնյայտ է: Այլ հարց, թէ Պաքուն ատիկա չ՛ուզեր», ընդգծած է Քազիմիրով:
Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նուիրուած իր գիրքին մէջ բազմաթիւ փաստեր ներկայացուցած է, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանը ուղիղ կերպով կը բանակցի Ղարաբաղի հետ:
«Երբ շփման գիծին վրայ լարուած իրավիճակ էր, որո՞ւ կը դիմէր Պաքուն, Երեւանի՞ն, ո՛չ, Ստեփանակերտին: Բոլոր առաջին հեռաձայնները, գրաւոր դիմումները եղած են Ղարաբաղին: Զինադուլի դրութեան մասին համաձայնագիրը ինչպէ՞ս ստորագրուած է: 9 մայիսին ես Պաքու էի, Հայտար Ալիեւը կար, Մամետովը: Պաքուն զինադուլի մասին համաձայնագիրը ստորագրեց Ղարաբաղի հետ միասին: Յետոյ Հայտար Ալիեւը ինձմէ խնդրեց հեռաձայնել Երեւան, որպէսզի Երեւանն ալ ստորագրէ: Ես կ՛ըսէի, որ Երեւանը չ՛ուզեր ստորագրել, բայց սխալեցայ: Ես Հայտար Ալիեւի խնդրանքով հեռաձայնեցի, խօսեցայ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օգնականին հետ, եւ մօտաւորապէս 2 ժամէն ստացայ պատասխան, որ Երեւանն ալ պիտի ստորագրէ», պատմած է Վլատիմիր Քազիմիրով:



