ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մի՛ զայրանաք: Օրէնքները յարգեցէք: Տագնապեցնող խնդիր մը պիտի ծագի: Դժուար ու խրթին շրջան մը պիտի ապրիք: Համբերող եղէք, ու ժամանակի ընթացքին հարցերը պիտի լուծուին:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Յաջողութեան տոկոսը պիտի բարձրանայ: Բարձր տրամադրութիւն ունիք եւ` առինքնող անհատականութիւն: Հաշտութեան յարմար շրջան է: Նոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Վարչական եւ նիւթական հարցեր պիտի քննարկէք: Ճկուն եղէք պատասխանատուներու հետ ձեր յարաբերութեան մէջ: Դրական եղէք ձեր շրջապատին հետ: Օրինական վէճեր մի՛ ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Աւելի ճկուն եղէք ձեր շրջապատին հետ: Մթնոլորտը տագնապալից է, արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Հակադարձութիւններէ եւ վիճաբանութիւններէ զգուշ եղէք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Առողջական հարցերու պատճառով ձեր աշխատանքէն ետ պիտի ըլլաք: Անակնկալ ընտանեկան եւ անձնական հարցեր պիտի ծագին: Նեղութիւն պիտի զգաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր երկինքը պիտի պայծառանայ, եւ հարցերը չքանան: Դրական նշան մը պիտի ստանաք, որուն հիման վրայ նոր գործի պիտի անցնիք: Յարմար ժամանակ է մօտենալու ուրիշներուն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ճնշումները պիտի նուազին, եւ անոնց տեղ բախտը պիտի տեղաւորուի: Պիտի հաշտուիք մէկու մը հետ: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Արդիւնաբեր շրջան մըն է: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պաշտպանեցէք ձեր իրաւունքները: Քաջութիւն պիտի զգաք` ձեր տեսակէտը յայտնելու: Առիթները մի՛ կորսնցնէք ձեր ձեռքէն: Պատրաստ եղէք ամէն անակնկալի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ինքնավստահօրէն յառաջ պիտի երթաք: Ուշադիր եղէք այլեւայլ ծախսերէ: Նախանձող մարդոցմէ հեռու մնացէք: Դրական մթնոլորտ մը պիտի տիրէ ձեր տան մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Հոգեկան ճնշումներէն պիտի ձերբազատիք: Գործի մէջ նոր սկիզբ մը պիտի ունենաք: Ձեր նպատակները ձեր աչքին առաջ ունեցէք: Ամսուան բախտաւոր օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Անակնկալ հարց մը պիտի ծագի: Բնաւ արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, որովհետեւ բացասական շրջան մըն է եւ իրեն հետ պիտի բերէ` տարբեր խնդիրներ, որոնք համբերութեամբ կարելի է լուծել:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մեծ ժողովրդականութիւն կրնաք ունենալ: Յարմար շրջան է ձեր յարաբերութիւնները ամրապնդելու ձեր շրջապատին հետ: Ամբողջ ամսուան ընթացքին դուք պէտք ունիք օգնութեան:
