Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Կարելի Չէ Թուրքիան Մեղադրել Հայերու Ցեղասպանութեան Համար»

Դեկտեմբեր 4, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Արժանթինի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատասխանելով հայազգի լրագրողի հարցումին, դարձեալ ժխտած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:

«Փրենսաարմենիա» կայքը կը հաղորդէ, որ անդրադառնալով լրագրողի նշումին, թէ ինք Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ընտանիքի ժառանգ է, Էրտողան ըսած է. «Կարելի չէ Թուրքիան մեղադրել հայերու ցեղասպանութեան համար: Ցեղասպանութեան հարցին մէջ, կը խնդրեմ, քննարկումները եկէք ձգենք պատմաբաններուն եւ լսենք անոնց տեսակէտը: Ատիկա մեր պատմութեան մաս չի կազմեր: Ամենայն վստահութեամբ կրնամ ըսել, որ պատրաստ ենք որեւէ քննարկման մասնակցելու»:

Թուրքիոյ նախագահը ըսած է. «Երկրին մէջ այժմ կը բնակին հարիւր հազարաւոր հայեր, որոնց դէմ երբեւէ խտրական վերաբերմունք չէ ցուցաբերուած»:

«Գիտէ՞ք ճիշդ հիմա որքան հայ կը բնակի երկրիս մէջ` հարիւր հազարաւոր: Անոնց շուրջ 30 հազարը քաղաքացի է, իսկ միւսները փաստաթուղթեր չունին: Անոնք փախած են Հայաստանէն, որպէսզի բնակութիւն հաստատեն Թուրքիոյ մէջ, եւ մենք ատիկա անոնց արտօնած ենք: Ընդհանուր առմամբ, մեր երկրին մէջ կ՛ապրին 100.000 հայեր, որոնց դէմ երբեւէ խտրական վերաբերմունք չէ ցուցաբերուած քաղաքացիութեան պատճառով: Մենք երբեւէ ոեւէ հայ չենք արտաքսած այդ պատճառով», ըսած է Էրտողան` աւելցնելով, որ իրենք «շատ մարդկային են եւ պիտի շարունակեն այդպէս մնալ»:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ նախագահին ժամանումէն առաջ` 26 նոյեմբերին, Պուենոս Այրէսի հայ համայնքը ցոյց կատարած է Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ:

«Էրտողանը կը ղեկավարէ այն երկիրը, որ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հայոց ցեղասպանութեան հերքման եւ զայն չճանչնալու քաղաքականութեան», յայտարարած են ցուցարարները:

Նախորդը

Զախարովա Կը Մեկնաբանէ Բակօ Սահակեանի Մոսկուա Այցելութիւնն Ու Պաքուի Հակազդեցութիւնը

Յաջորդը

Անթոյլատրելի Է Հարուածի Տակ Դնել Համաժողովրդական Պայքարը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?