Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա Կը Մեկնաբանէ Բակօ Սահակեանի Մոսկուա Այցելութիւնն Ու Պաքուի Հակազդեցութիւնը

December 4, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Մոսկուա այցելութիւնը անձնական այցելութիւն եղած է: Այդ մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան` պատասխանելով ազրպէյճանցի լրագրողի մը հարցումին:

«Այդ այցելութիւնը այլ ձեւով չի կրնար դիտուիլ, քան անձնական այցելութիւն: Այցելութեան կարգավիճակը ակնյայտ է: Եւ ատիկա, իբրեւ անձնական այցելութիւն, ո՛չ ռուսական օրէնսդրութեան, ո՛չ միջազգային համաձայնութիւններուն, ո՛չ ալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ Ռուսիոյ միջնորդական առաքելութեան կը հակասէ: Այդ իսկ պատճառով ռուսական կողմի հասցէին պահանջները, որոնք հնչած են ազրպէյճանական կողմի` վերջերս կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ, մեր տեսանկիւնէն անհիմն են», ըսաւ Զախարովա:

Նախագահ Սահակեան 24-26 նոյեմբերին այցելած էր Մոսկուա: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած էր Ռուսիոյ իշխանութիւնները Արցախի նախագահին Ռուսիա մուտք գործելու արտօնութիւն տալու համար` յայտարարելով. «Ռուսական կողմի այդ քայլը չի համապատասխաներ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն»:

Նախագահ Սահակեան Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ հանդիպումներ ունեցած էր Ռուսիա բնակող խումբ մը հայ գործարարներու եւ բարերարներու հետ: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքին, քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:

Նախորդը

Ուահապ Շարունակեց Ցաւակցութիւններ Ընդունիլ Մոհամետ Ապու Տիապի Սպանութեան Առիթով

Յաջորդը

Էրտողան. «Կարելի Չէ Թուրքիան Մեղադրել Հայերու Ցեղասպանութեան Համար»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.