Ինչպէս ծանօթ է, Սաժես Պէյրութ ակումբը բաւական անորոշ կացութեան մէջ կը գտնուի եւ անոր դիմագրաւած տագնապը հետզհետէ կը բարդանայ:
Անոր ֆութպոլի խումբին մարզիկները (Բ. դասակարգ) վերջերս առանց փորձեր կատարելու ուղղակի ախոյեանութեան մրցումներու կը մասնակցէին:
Սակայն անոնք միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեցին, որ այլեւս որեւէ մրցումի պիտի չմասնակցին` նկատի ունենալով, որ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ կատարուած խոստումները չեն յարգուիր եւ իրենց ամսականները չեն ստանար:
Անոնք ընդգծեցին, որ եթէ ակումբը Գ. դասակարգ փոխադրուի (դաշտ չներկայանալու պարագային), ատոր մէջ իրենք չեն յանցաւորները, այլ` պատասխանատուները:
Հետեւաբար, ակումբին համակիրները պէտք չէ իրենց մեղադրեն, այլ` պատասխանատուներուն:


