«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ լոնտոնեան Արսենալի եւ ուքրանական Վորսքլայի (Փոլթաւա) միջեւ այսօր` հինգշաբթի, 29 նոյեմբերին տեղի ունենալիք «Եւրոպայի ֆութպոլի լիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումին վայրը փոխուեցաւ անվտանգութեան նկատառումներով:
Վորսքլան անգլիական ակումբը պիտի ընդունի ոչ թէ Փոլթաւայի մէջ, այլ` Քիեւի ողիմպիական դաշտին մէջ:
Ե. խմբակին մէջ, այժմ Արսենալ 10 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Սփորթինկ Լիզպոն (7 կէտ):
Վորսքլա եւ Քարապաղ ունին 3-ական կէտ:
Յայտնենք, որ Վորսքլա – Արսենալ մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:55-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):



