Ինչպէս բոլորը տեղեակ են, 11 նոյեմբեր 2018-ին տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանցի եւ օտար մարզիկներ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթի ներկայացուցչական խումբին մարզիկները` արձանագրելով շատ լաւ արդիւնքներ:
Օրին մրցանակաբաշխութիւնը կատարուեցաւ միայն 21 եւ 42 քիլոմեթրի մրցումներուն համար, ուր Նարեկ Փանոսեան արժանացած էր երրորդ դիրքին:
«Մոնրօ» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) մրցանակաբաշխութիւնը կատարուեցաւ մնացեալ տարիքային խմբաւորումներուն համար` ձեռամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլի:
Իրենց մրցանակները ստացան Լեւոն Թաշճեան (42 քմ, երրորդ), Սերժ Չոլաքեան (2002-2003-ի ծնունդ, 8 քմ, երրորդ) եւ Փաթիլ Ասատուրեան (2004-2005-ի ծնունդ, 5 քմ, երրորդ):
Նշենք, որ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Մէյ Խալիլ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Լեւոն Թաշճեանին` նշելով, որ ան 16-րդ տարին ըլլալով կը մասնակցի այս մարաթոնին, ինչ որ կը նկատուի կարեւոր նուաճում մը:
Իր խօսքէն ետք, Մէյ Խալիլ Լեւոն Թաշճեանին յանձնեց Մարաթոնի մեծ արձանը` իբրեւ յուշանուէր:
Ան գնահատեց Լեւոն Թաշճեանի ընտանիքը, որ մի՛շտ եղաւ անոր կողքին:





