Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 29 նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը հիւրը պիտի ըլլայ Հարաւային Քորէայի:
Այս մրցումէն երեք օր ետք, Լիբանան հիւրը պիտի ըլլայ Չինաստանի:
Լիբանան, որ ցարդ երեք անգամ (2002, 2006 եւ 2010) իր մասնակցութիւնը բերած է աշխարհի ախոյեանութեան, միայն մէկ յաղթանակի պէտք ունի` չորրորդ անգամն ըլլալով անոր մասնակցելու համար:
Հարաւային Քորէա միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 33-րդ (Ասիա` 5-րդ), մինչ Լիբանան` 54-րդ (Ասիա` 9-րդ):
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած տասը ճակատումներէն վեցը աւարտած է Լիբանանի յաղթանակով:
Լիբանանի մաս կազմած խմբակէն, որուն մէջ են Նոր Զելանտա, Հարաւային Քորէա, Յորդանան, Չինաստան եւ Սուրիա, առաջին երեք դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք աւարտականներուն իրենց տոմսերը:
Թէեւ Չինաստան զտումի մրցումներ կը կատարէ, սակայն անիկա արդէն իսկ ապահոված է իր տոմսը իբրեւ հիւրընկալ երկիր:
Լիբանանի մարզիչ Սլոպոտան Սուպոթիչ (սլովենիացի) անհրաժեշտ բոլոր ցուցմունքները տուաւ իր մարզիկներուն: Կը մնայ արձանագրել յաղթանակը:
Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ իր կատարած յատուկ բանակումին ընթացքին, Լիբանան դաշտին տէրերուն դէմ կատարելով բարեկամական 2 մրցումներ, արձանագրեց 2 յաղթանակ:
 
			


