ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «ԼԵՎԱՄ»-ի յանձնախումբը կազմակերպած է փինկ փոնկի մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 2 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ:
Այս մրցաշարքին մասնակցող աշակերտները պարտին համալիրին մէջ գտնուիլ յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին` ստուգումի համար:
Մրցաշարքը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին եւ պիտի աւարտի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
Իւրաքանչիւր տարիքային դասաւորման մէջ մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 4 տղաք եւ 4 աղջիկներ:
Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ դասակարգերու մրցումները` 2001, 2002-2003, 2004-2005 եւ 2006-2007:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
 
			


