Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հանդիսացաւ Եուվենթուսի առաջին նորեկը, որ 50 տարի ետք կը յաջողի Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի առաջին 13 հանգրուանի մրցումներուն նշանակել 9 կոլ:
Նախապէս այսպիսի արդիւնք մը արձանագրած էր Փիեթրօ Անասթազի` 1968-1969 տարեշրջանին:
ՍՓԱԼ-ի դէմ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումին (2-0) ան նշանակեց Եուվէի առաջին կոլը (28-րդ), մինչ երկրորդը նշանակեց Մարիօ Մանծուքիչ (60-րդ):
Այսպիսով, Եուվենթուս յաջողեցաւ մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը (12 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն)` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 37 կէտ: