ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտարարեց, որ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի մոնտիալի աւարտական հանգրուանի կարգ մը մրցումներ կրնան կատարուիլ այլ երկրի մէջ:
«Քաթարի մէջ ընդամէնը կը գտնուի 8 մարզադաշտ, մինչ մոնտիալին կը մասնակցին 32 խումբեր: «Եթէ մասնակցողներուն թիւը հասնի 48-ի, ապա քիչ մը հարց կրնայ ծագիլ` բոլոր մրցումները Քաթարի մէջ կայացնելու առումով:
«Կը ծրագրենք որոշ մրցումներ Քաթարի դրացի երկիրներուն մէջ կատարել: Բնականաբար ասիկա պիտի ստեղծէ բաւական լուրջ դժուարութիւններ, որոնք ամէն գնով պէտք է յաղթահարենք», ըսաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահը:
2022-ի մոնտիալը պիտի սկսի 21 նոյեմբեր 2022-ին: