Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռէալ Մատրիտ կրեց 3-0 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը` Էյպարի դաշտին վրայ:
Այսպիսով, Սանթիակօ Սոլարիի գլխաւորութեամբ, արքայական ակումբը կրեց իր առաջին պարտութիւնը: Ան նախորդ շաբաթ նշանակուեցաւ Ռէալի մարզիչ` փոխարինելով Խիւլեն Լոփեթեկին:
Հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց 16-րդ, 52-րդ եւ 57-րդ վայրկեաններուն:
Մրցումէն ետք հանդերձարանին մէջ Էյպարի նախագահ Ամայա Կորոսթիյա ֆութպոլիստներուն հետ այս յաղթանակը տօնեց շամփանյիով:
Ռէալ Մատրիտ այժմ ունի 20 կէտ, մինչ Էյպար ունեցաւ 18 կէտ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Պարսելոնա պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ կատարուած մրցումի վերջին վայրկեանին ֆրանսացի միջնապահ Ուսման Տեմպելէ նշանակեց հաւասարութեան կոլը (1-1):
77-րդ վայրկեանին Տիեկօ Քոսթա նշանակեց հիւրընկալ կազմին կոլը: