Քոսովոյի մայրաքաղաք Փրիշթինայի մէջ տեղի ունեցած Քոսովօ – Ազրպէյճան ֆութպոլի մրցումին սկիզբը, դաշտին տիրոջ համակիրները սուլեցին, մինչ կը հնչէր Ազրպէյճանի օրհներգը: Սոյն մրցումը կ՛իյնար «Ազգերու լիկա»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Այս մրցումին, Քոսովօ արձանագրելով 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ 14 կէտով գրաւելով խմբակին պարագլուխի դիրքը, անցաւ յաջորդ հանգրուան, մինչ Ազրպէյճան դուրս մնաց մրցաշարքէն (9 կէտ):
Քոսովոյի մարզիչն է զուիցերիացի մասնագէտ Պեռնար Շալանտ, որ 2014-2015 տարեշրջանին եղած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչը:



