ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի սկսիք մանրակրկիտ ուսումնասիրել ձեր ծրագիրները: Երեւոյթ մը շատ պիտի հետաքրքրէ ձեզ եւ պիտի ուզէք աւելին իմանալ անոր մասին: Ինքնավստահօրէն պիտի շարունակէք ձեր գծած ճամբան:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կը մտածէք ճամբորդելու մասին: Կարգ մը մանրամասնութիւններ վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: Պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք ձեր գործատիրոջ հետ: Ձեր դժուարութիւնները պիտի թեթեւնան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ամսուան սկիզբի շաբաթները աւելի դրական էին, քան հիմա: Գործին մէջ նոր պայմաններ պիտի պարտադրուին ձեզի: Պիտի զգաք, որ ծայրայեղութեան գացած էք, որմէ պիտի նեղանան շատ մարդիկ: Խումբի մը մէջ լաւ աշխատանք պիտի տանիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Աստղերը ձեզ կը զգուշացնեն վիճաբանութեան մէջ մտնելէ: Պիտի ստիպուիք ձեր ծրագիրը փոխարինել նորով մը: Նիւթական դժուարութիւններ պիտի ունենաք, բայց աստղերը դրական լուծումներ պիտի ապահովեն ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պիտի համախմբուիք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ` քննարկելու համար ժառանգութեան հետ կապուած հարցեր: Ինքնավստահ եղէք եւ մարդոց հետ սիրալիր վարուեցէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Այս երկու օրերու ընթացքին պիտի ունենաք առիթներ, որոնցմէ պիտի օգտուիք ձեր ընկերներու ներկայութեամբ: Պայմանները ի շահ ձեզի պիտի փոխուին: Ուրախ եւ զուարթ օրեր պիտի ապրիք: Մարդասիրական օգնութիւն մը պիտի կատարէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ընտանեկան իւրայատուկ փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Պիտի ուրախանաք հանդիպումներով եւ ձեր ստացած գնահատականներով: Առիթ պիտի տրուի ձեզի` երեւնալու եւ ստեղծագործելու:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հանգիստ պիտի զգաք յառաջիկայ օրերուն: Պիտի երկմտիք եւ դժուար որոշում մը պիտի տաք ձեր անձնական կեանքին մէջ: Հանգստացէք եւ քիչ մը հեռու մնացէք պատասխանատուութիւններէ: Թոյլ տուէք, որ ամէն բան իր բնականոն հունով ընթանայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ներող եղէք եւ աչք գոցեցէք կարգ մը սխալներու: Գիտցէք, որ բարի ու գեղեցիկ խօսքը շուտով մարդոց սրտերուն կը հասնի եւ կը բանայ անոնց դռները: Ագահ մի՛ ըլլաք եւ դրականօրէն վարուեցէք ամէն ինչի հետ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նեղութիւն մը պիտի ունենաք ձեր անձնական եւ աշխատանքային գետնի վրայ: Ձեր շրջապատին մէջ բան մը պիտի փոխուի, եւ դուք պիտի տագնապիք` հարցերուն լուծումներ գտնելով:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Քիչ մը համբերեցէք եւ պիտի տեսնէք, որ պայմանները ի շահ ձեզի պիտի փոխուին: Ձեր սիրեցեալին հետ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: Ձեր ճնշումները պիտի վերանան եւ լաւ մթնոլորտի մէջ պիտի շարունակէք ձեր ընթացքը:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Քիչ մը համբերող պէտք է ըլլաք այս օրերուն: Սխալներ մի՛ գործէք, որ յետոյ չզղջաք: Գրաւի մի՛ գաք` յաղթանակ մը շահելու, պայմանները ձեզի հակառակ են: Նորութիւն մը պիտի մտցնէք ձեր կեանքին մէջ: Կը մտածէք ձեր ուսումը շարունակելու մասին:
