ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յառաջիկայ օրերուն պիտի արձանագրէք մեծ զարգացում մը, որուն արդիւնքներէն մեծապէս պիտի օգտուիք: Լուրեր պիտի ստանաք եւ աշխատանքային հարցեր պիտի քննարկէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Յետաձգեցէք ձեր բոլոր հեռաձայնային գործերը եւ հանդիպումները: Իշխանութիւններէն մէկը ձեր կողքին պիտի ըլլայ: Անակնկալ դժուարութիւն մը պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պէտք է լաւ հասկցած ըլլաք ձեզի ուղղուած նամակը եւ չմոռնաք արժեւորել զայն: Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր հարցերը: Մթնոլորտը յարմար է` որոշ սրբագրութիւններ կատարելու: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է, օգտուեցէք անկէ նոր ծրագիր մը յառաջ տանելու համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Հանդարտեցէք եւ դուք ձեզի հարցի մէջ մի՛ մտցնէք, որ յետոյ գինը սուղ չվճարէք: Նորութիւն մը պիտի բացայայտէք: Մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգէք ձեր անձնական եւ աշխատանքային միջավայրին վրայ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պիտի աշխատիք սիրելիի մը վրայ տպաւորութիւն գործել: Պատրաստուեցէք կարգ մը փոփոխութիւններու: Հրաժարեցէք այն բաներէն, որոնք այլեւս օգտակար չեն ձեզի: Նոր ընկերներ պիտի մտնեն ձեր կեանքին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Սիրելի մարդոց խորհուրդներէն օգտուեցէք: Անոնք կրնան ձեզի ճիշդ ուղին ցոյց տալ: Պտոյտ մը կամ ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք, հեռու` ձեր միջավայրէն: Ձեր մէկ աշխատանքը աչքի պիտի զարնէ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Դրական տուեալներ պիտի ունենաք ձեր աշխատանքը լաւագոյն ձեւով աւարտելու համար: Մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէք: Վիպային պահեր պիտի ապրիք ձեր սիրելիին հետ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր իրավիճակը եւ պայմանները ձեր տիրապետութեան տակ պիտի ըլլան: Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք: Ձեր իշխանութիւնը պիտի պարտադրէք հարցի մը գծով: Անցեալին պիտի վերադառնաք եւ կարօտ զգաք անձի մը հանդէպ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր կեանքի ընթացքը պիտի դանդաղի: Ո՛չ ուրախութիւն պիտի զգաք, ո՛չ ալ հաճոյք` տեղի ունեցածներէն: Պիտի չկարենաք արտայայտուիլ ձեր զգացումներուն մասին: Պիտի յաջողիք ձեր  պատգամը հասցնել ուրիշներուն: Ցանկութիւն մը պիտի իրականացնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Փորձեցէք զսպել ձեր լեզուն եւ զայրոյթը: Յառաջիկայ օրերը յարմար են յարաբերութիւններ մշակելու ընկերներու եւ բարեկամներու հետ: Օգնութիւն պիտի ստանաք: Ձեր ժողովները պիտի դիւրանան:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր համբերութիւնը պիտի կորսնցնէք կարգ մը ընտանեկան պարտականութիւններու կամ նիթական պարտաւորութիւններու դիմաց: Ստիպուած` պիտի հեռանաք որոշ ծրագիրներէ, որոնք ձեր ժամանակը կրնան խլել ձեզմէ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Շատ պիտի ջղայնանաք, բայց նոյն ատեն հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ: Վիպային պահեր պիտի ապրիք: Անցեալ ամիս պատահած հարցը պիտի լուծուի ձեր ջանքերուն շնորհիւ:
 
			