Պատրաստեց՛ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Կուատալուփէ Փալասիոս 96 տարեկան մեքսիքացի կին մըն է, որ գարնան իր երազը վերջապէս իրականացուց` երկրորդական դպրոց յաճախելով: Ան կարդալ սորված էր չորս տարի առաջ:
Չիափաս աղքատ նահանգին պետական դպրոցներէն մէկուն մէջ նստած` ան վերամուտի առաջին օրէն արդէն կը տարբերէր իր ծոռներուն տարիքը ունեցող միւս աշակերտներէն, ոչ միայն իր ճերմակ մազերով, այլ նաեւ` իր խանդավառութեամբ: «Այսօր սքանչելի օր մըն է», յայտարարած է ան դպրոցի առաջին օրը, հագուած դպրոցին տարազը` սեւ փէշ, ճերմակ շապիկ եւ հլուններով զարդարուած վարդագոյն բրդեղէն մը, կազմ ու պատրաստ` առաւելագոյնը տալու:
Իր դասընկերները զայն կը կանչեն «Տոնիա Լուփիթա» եւ առաջին օրը զայն դիմաւորած են ծափահարութիւններով: Իր գրասեղանին ետեւը նստած` Կուատալուփը ամենայն մանրամասնութեամբ նոթեր առած է քիմիագիտութեան եւ թուաբանութեան դասերուն ընթացքին. ան նոյնիսկ մասնակցած է տեղական պարի դասի մը:
Կուատալուփէ մեծցած է աղքատութեան մէջ, փոքրիկ գիւղի մը մէջ. ան իր մանկութիւնը անցուցած է` իր ընտանիքին օգնելով եւ եգիպտացորեն ու լուբիա ցանելով, դպրոց երթալու փոխարէն, ապա ան սկսած է հաւեր ծախել շուկաներուն մէջ, ամուսնացած է եւ ունեցած է վեց զաւակ:
Սակայն ան արթնացում մը ապրած էր իր 92-րդ տարեդարձը տօնելու ընթացքին. որոշած է վերջապէս կարդալ սորվիլ` յատուկ դասերու միջոցով: Ան շատ ուրախ է, որովհետեւ վերջապէս կրնայ իր բարեկամներուն նամակներ գրել:
2015 թուականին ան կը մտնէ նախակրթարան եւ կը հետեւի արագ դասաւանդութեան ծրագրին: Անոր երազն է դպրոցը աւարտել իր 100 տարեկանէն առաջ եւ մանկամսուրի ուսուցչուհի դառնալ:
Երբ անոր հարցուցած են, թէ կ՛ուզէ՞ իր ուսումը շարունակել եւ համալսարան երթալ, ան պատասխանած է` ո՛չ, որովհետեւ այլեւս գրեթէ անկարող է մինակը քալելու:
Ինչպէ՞ս
… Ձայնը կ՛անցնի հեռաձայնին մէջէն:
Ձայնը կը յառաջանայ թրթռացումներէ, որոնք հեռաձայնի միքրոյէն անցնելով` կը վերափոխուին ելեկտրական նշաններու, երբ այս նշանները կը հասնին մեր հեռաձայնած անձի ընկալուչին, անոնք դարձեալ կը վերափոխուին ձայնի:
… Արեւը կրնայ մեզ տաքցնել: Արեւը կազի մեծ գունդ մըն է, որ կ՛արտադրէ տաքութիւն եւ լոյս: Տաքութիւնը արեւուն շուրջ բանտարկուած կը մնայ: Մինչ լոյսը անջրպետին մէջ կը տեղափոխուի ճառագայթի ձեւին տակ: Երկրագունդը շրջապատող օդի խաւին` մթնոլորտին զարնուելով, այս ճառագայթներուն մէկ մասը տաքութեան կը վերածուի:
… Կազմուած է մեր մարմինը: Մեր մարմինը կազմուած է մեծ մասով (կէսէն աւելի) ջուրէ եւ հաստատուն նիւթէ: 206 շարժուն ոսկորներ կը կազմեն մարմնին կմախքը, եւ մօտաւորապէս 600 մկաններ կը ծածկեն այս կմախքը` անոր շարժելու կարելիութիւն տալու համար: Սրտին, ուղեղին կամ թոքերուն նման գործարաններն ալ կը նպաստեն մարմնի լաւ աշխատանքին համար:
Հարսերու Մրցում
Ամէն տարի մօտաւորապէս 100 սերպ հարսեր կը մասնակցին իւրայատուկ մրցումի մը` շահելու համար հարսանեկան հագուստ մը:
Իրենց հարսանեկան հագուստը հագուած եւ ոտքերնուն մարզանքի կօշիկներ, անոնք աւելի քան 150 մեթր կը վազեն Պելկրատի փողոցներուն մէջ` շահելու համար ամէնէն մեծ վարձատրութիւնը` վազքին ընթացքին իրենց հագուած հարսանեկան հագուստը: Կարգ մը մրցակիցներ կը փորձեն հնարամիտ գտնուիլ` կարճ հագուստներ հագուելով, մինչ ուրիշներ կը նախընտրեն մարտահրաւէրը ընդունիլ` երկար հագուստներ հագուելով:
Այս տեսակի մրցումներ, որոնց ընթացքին հարսերը կը փորձեն հարսանեկան հագուստը շահիլ, տեղի կ՛ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, երկու տարին անգամ մը. մրցումը կը կոչուի «Տը Ռանինկ օֆ տը պրայծ», հարսերու վազքը:
Չինաստանի Մէջ 15 Յարկանի
Պանդոկ Մը Կը Կառուցուի 6 Օրէն
Վեց օրէն 15 յարկանի պանդոկի մը շինութիւնը արդէն տպաւորիչ է: Սակայն այս շէնքը կրկնապատիկ տպաւորիչ է, որովհետեւ ան ձայնէ պահպանուած է եւ կրնայ տոկալ մինչեւ 9 ռիխտըր աստիճանի ուժգնութեամբ երկրաշարժներու:
«Արք» պանդոկը շինուած է Շանկշա, Հունան նահանգի մայրաքաղաքին մէջ, Չինաստանի հարաւ-արեւելքը, կենսոլորտի եւ բնութեան պահպանման գծով աշխատող ճարտարապետական ընկերութեան մը կողմէ:
Կառուցման համար գործածուած բոլոր նիւթերը սկիզբէն պատրաստուած էին աւելի ազդու եւ նուազ ծախսալի արդիւնք մը ստանալու համար: Այս տեսակի շինութիւններուն համար վեց անգամ նուազ նիւթեր կը գործածուին` այս ձեւով խուսափելով հիմնական նիւթերու վատնումէն:
Թափօններով Շինուած Դպրոց Մը
Քամպոտիոյ մէջ Քոքոնաթ դպրոցը իւրայատուկ է: Անոր պատերը շինուած են ներկուած անիւներով, իսկ տանիքները` կերպընկալէ շիշերով: Դպրոցը գրեթէ ամբողջովին շինուած է թափօններով:
Այս դպրոցը շինուած է Ուք Վանտէն, որ նախապէս պանդոկի մը տնօրէնը եղած է. ան կ՛երազէ իր երկրի կենսոլորտը ապականող աղբերէն եւ թափօններէն ձերբազատիլ: Այս դպրոցը կ՛ընդունի շատ աղքատ մանուկներ, որոնք կրթաթոշակնին վճարելու համար պէտք է իրենց հետ բերեն թափուելիք առարկաներ. այս աւելցուկները պիտի գործածուին բարելաւելու համար դպրոցը:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Լուսաւորումի խնայողութիւններ կատարելու համար Չինաստան կ՛ուզէ անջրպետ ղրկել կեղծ լուսին մը` մինչեւ 2020 թուական: Անիկա պիտի լուսաւորէ երկրագունդը, եւ յատկապէս Շենկտու քաղաքը` արեւուն լոյսը ցոլացնելով:
Ժամանց












