ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 39-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ, ԱՄԷՆ ՕՐ ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԺԱՄԸ 9:00-ԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԸ 7:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարալ Հովիւեան եւ դստերք` Դուին եւ Լոռի
Տիար Յարութիւն Հովիւեան
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Ռոզլիա Հովիւեան եւ զաւակունք (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Յասմիկ Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Նուարդ, Զաւէն եւ Զուարթ Հովիւեաններ
Տէր եւ տիկին Վարդան Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժ Վարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Ալին Յարութիւնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Շողիկ Պաղտոյեան եւ զաւակունք (Վիեննա)
Հովիւեան եւ Վարդանեան ընտանիքներ
Յարութիւնեան եւ Կիւլկիւլեան ընտանիքներ
Պաղտոյեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին` եղբօր, զարմիկին եւ հարազատին`
ՀՐԱՅՐ ՀՈՎԻՒԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1955-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 15 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 12:30-ին, Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 17 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 18 եւ երկուշաբթի, 19 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Կիրակի, 18 նոյեմբեր 2018-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:
Պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ մատաղը օրհնէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
| Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին | 
| Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին | 
| Քարոզ` | ժամը 11:00-ին | 
| Մատաղօրհնէք` | ժամը 12:00-ին | 
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի, պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն եկեղեցւոյս բարերարներու, քահանայ հայրերու եւ ծառայածներու յիշատակին:
Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:15-ին պիտի կատարուի ժողովրդային ընդունելութիւն առաջնորդ սրբազան հօր` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին առջեւ:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եւ հաղորդակից դառնալու օրուան խորհուրդին:
ՆՈՐ ԱՏԱՆԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
 ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ-ՊԷՅՐՈՒԹ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ-ՊԷՅՐՈՒԹ
Նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Հովանաւորութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ, ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ ԵՒ ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ
Կիրակի, 18 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԹՈՐՈՍ ԼԵՒՈՆ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 նոյեմբեր 2018-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՐԱ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 նոյեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՐԱ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 նոյեմբեր 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ`
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՀԵԸ-Ի «ԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ
Էմիլ Լահուտի անուան համագումարներու պալատին մէջ կը ներկայացնէ`
«ԲՈԼՈՐ ԱՆՈՆՑ…» Պարային Նոր Յայտագիրը
Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց` ԳԱՅԵԱՆԷ ՄԱԾՈՒՆԵԱՆ
Ելոյթի օրեր`
Ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2018, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, աշակերտական,
Ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 9:00-ին,
Շաբաթ, 24 նոյեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, ԿԱԼԱ ելոյթ:
Տոմսերը ապահովելու համար դիմել ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի վարչութեան անդամներուն, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական գրասենեակ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոն, Նաքքաշ, հեռաձայնի համարներ` 04-523043/44 կամ 81-374074, իսկ ելոյթի օրերը` կիշէէն:
—————————————
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 18 նոյեմբեր 2018-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, անդրանիկ սուրբ պատարագ պիտի մատուցէ եւ քարոզէ
նորօծ ԱՐԺ. Տ. ՍԱՄՈՒԷԼ ՔՀՆՅ. ԱՃԷՄԵԱՆ
Մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմ ծառայութեան մեկնիլը, քահանայ հայրը պիտի հովուէ Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ ծուխը:
Կիրակի, 25 նոյեմբերին, սուրբ պատարագի ընթացքին Լիբանանի հայոց առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ.ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
քահանայ հայրը պիտի ներկայացնէ Թրիփոլիի հաւատացեալ ժողովուրդին:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները աղօթելու Սամուէլ քհնյ. Աճէմեանի աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր առաքելութեան համար:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋԱՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ
ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԵԿՆԱՐԿ
ՈՒՐԲԱԹ, 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
ՀԲԸՄ – ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԵՒ ՇԱԲԱԹ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018,
ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018-ԻՆ
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ
ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ.
03/905441, 70/962747 ԵՒ 03/576334
—————————————
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»
ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
 
			



