ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ընտանեկան հարցերով պիտի զբաղիք: Թոյլ մի՛ տաք, որ մարդիկ կասեցնեն ձեր ձգտումները եւ խառնուին ձեր գործերուն: Վիճաբանութիւններէ զգուշ եղէք եւ մի՛ բարդացնէք խնդիրները: Առողջական հարցեր պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Քաջութեամբ պիտի պաշտպանէք ձեր շահերը: Կարողութիւն ունիք ձեր հակակշռին տակ առնելու ձեզ հետաքրքրող բոլոր նիւթերը: Պիտի շարժիք քանի մը կողմերով եւ ձեր դիրքը պիտի պաշտպանէք յաջողութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր ձգտումները պիտի մեծնան, բայց միեւնոյն ժամանակ պիտի շատնան ձեր պարտականութիւնները: Ժամանակը կարճ է, զայն մի՛ վատնէք պարապ տեղ: Ստիպուած` դատական ատեանի մը դիմաց պիտի կանգնիք եւ ձեր դատը պաշտպանէք: Անտեղի ծախսերէ հեռու մնացէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի քաջալերուիք կարեւոր որոշում մը տալու համար: Յարմար է ժամանակը համարձակ քայլ մը առնելու: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Հինէն մնացած հարց մը պիտի լուծէք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Յուսախաբութենէ զգուշ եղէք: Ուշադիր եղէք խաբեբաներէն: Պիտի տագնապիք: Հերոս մի՛ ըլլաք, այլ վտանգէն խուսափեցէք: Իրարանցումէ հեռու մնացէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Դրական շրջան մըն է: Լուսարձակները պիտի կեդրոնանան ձեր ընկերային կարողութիւններուն վրայ, պիտի ամրապնդուի ձեր ժողովրդականութիւնը: Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ, որովհետեւ ձեր ընկերները ձեր կողքին պիտի կանգնին եւ ձեզի պիտի օգնեն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Դանդաղ շարժեցէք, որպէսզի կարեւոր առիթ մը չկորսնցնէք: Վիրաւորական խօսքեր մի՛ ուղղէք ձեր շուրջիններուն: Ձեր անունը բարձր պահեցէք: Հակառակ տագնապներուն` կարեւոր շրջան մըն է:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Նոր միտք մը պիտի առաջարկէք: Հանդիպումները ձեզ հեռու հորիզոններ պիտի տանին: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ, եւ ձեր միտքը  յարաբերաբար հանգիստ պիտի ընէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Փոփոխութիւն մը մտցուցէք ձեր առօրեայ կեանքին մէջ, որպէսզի կարենաք քայլ պահել զարգացումներուն հետ: Լաւ շրջան մըն է` ձեր սխալները սրբագրելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ուրիշներուն կեցուածքը ձեր հարցերուն նկատմամբ` պիտի նեղացնէ ձեզ: Կարեւոր շրջան մըն է նոր յարաբերութիւն մշակելու: Մանրամասնութիւնները լաւ սերտեցէք նախքան որոշում մը տալը:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Յոգնութիւնն ու տագնապը պիտի ազդեն ձեր ծրագիրներու իրագործման վրայ: Նախապէս պատրաստեցէք ձեր աշխատանքային ցուցակը: Ճնշումներու պատճառով առողջական խնդիրներ պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ամրապնդեցէք ձեր յարաբերութիւնները: Ուրախացէք եւ ժամանակ անցուցէք փոքրերուն կամ ձեր ընկերներուն հետ: Ամսուան բախտաւոր օրերէն մէկն է: Աշխատանքի մը մասնակից պիտի ըլլաք, կամ ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
 
			