Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի պահպանումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական առաքելութեան արդիւնաւէտութեան եւ հարցի լուծման էական կէտերու կարգին փոխզիջման յառաջմղման կարեւորագոյն պայման է:
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցչութեան «Թուիթըր»-ի էջը, կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչը:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին յարաբերական կայունութիւնը կը պահպանուի, զինադադարի խախտումներու թիւն ալ կը նուազի: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` յաւելեալ միջոցներով ամրապնդելու լարուածութեան նուազեցման դրական միտումը», գրած է ան: Ըստ Լուքաշեւիչի, զինադադարի պահպանումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքները արդիւնաւորման եւ հարցի լուծման կարեւորագոյն պայմանն է:



