Աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 11 նոյեմբերին մասնակցած է աշխատանքներուն «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»-ին, որ տեղի կ’ունենայ Համաշխարհային Ա. պատերազմին կնքուած զինադադարի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ:
Համաժողովը բացուած է «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»-ի ղեկավար կոմիտէի փոխնախագահ Թրիշա Շեթթիի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ողջոյնի խօսքերով: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած են Գերմանիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքել եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես:
Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ դիտել տուած է, թէ կայ այն համոզումը, որ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմական առումով պատերազմներուն ընթացքին միշտ ալ կ՛ըլլան յաղթողներ եւ պարտուողներ` շեշտելով, որ մարդկային առումով ոչ ոք կը յաղթէ, որովհետեւ պատերազմները պատճառ կը դառնան կորուստներու, տառապանքի եւ աւերի:
Ան նկատել տուած է, որ ամէն բանէ առաջ պէտք է խօսիլ Համաշխարհային Ա. պատերազմի դասերուն մասին: «Երբ պետութիւն մը պատերազմ կը մղէ կամ կը փորձէ իր խնդիրները լուծել ռազմական ուղիով, ուրեմն ան կը հաւատայ իր ուժերուն եւ յաղթանակին: Այդուհանդերձ, Համաշխարհային Ա. պատերազմը համամոլորակային ողբերգութիւն էր անոր մէջ ներգրաւուած բոլոր ժողովուրդներուն համար, եւ ի վերջոյ պատճառ եղաւ զայն յղացած պետութիւններու քայքայման», ըսած է ան` աւելցնելով, որ հակառակ մեր միասնական ջանքերուն եւ նախորդ սխալներէն սորվելու կոչերուն, այդ դասերը դիւրութեամբ կը մոռցուին: «Թէեւ հարիւր տարի առաջ մարդկութիւնը գիտակցեցաւ զանգուածային ոչնչացման զէնքը արգիլելու անհրաժեշտութիւնը, ցաւօք, ատիկա չխոչընդոտեց նոր զինատեսակներու ստեղծման», նշած է ան:
Ապա Փաշինեան դիտել տուած է, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին Անտանտի տէրութիւնները առաջին անգամ ըլլալով գործածեցին «Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւն» սահմանումը` այսպիսով դատապարտելով Օսմանեան իշխանութիւնները 1,5 միլիոն հայերու ոչնչացման համար: Հետագային այդ ահաւոր ոճիրը պիտի կոչուէր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն: Այնուամենայնիւ, ընդամէնը քանի մը տասնամեակ ետք մարդկութիւնը ականատես եղաւ Ողջակիզումին, Քամպոտիոյ, Ռուանտայի ցեղասպանութիւններուն, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու եւ եզիտիներու ցեղասպանութիւններուն, Ռոհինճա ժողովուրդին դէմ գործադրուած բռնութիւններուն:
«Պատերազմի դասերէն էր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ձեւակերպումը ուիլսընեան յայտնի 14 կէտերուն մէջ: Այնուհետեւ անիկա ընդգրկուեցաւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ եւ հիմք դարձաւ ժամանակակից երկիրներուն կիսանկախութեան համար: Համաշխարհային Ա. պատերազմին իբրեւ արդիւնք աշխարհի ժողովուրդները օրէնքի ուժով հաստատեցին ազատ կամքի դրսեւորումով սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրենց իրաւունքը: Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ ընդամէնը քանի մը օր առաջ Ֆրանսան յստակօրէն վերահաստատեց իր սկզբունքային դիրքորոշումը այս հարցին նկատմամբ. Նոր Քալետոնիոյ ժողովուրդը կարելիութիւն ստացաւ հանրաքուէ կատարելու: Ցաւօք, այդ իրաւունքին նկատմամբ մօտեցումը ընտրովի է: Այդ իսկ պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին` տասնամեակներ շարունակուող պայքարը իր ճակատագիրը տնօրինելու համար տակաւին չէ ստացած իրաւական պատշաճ լուծում: 21-րդ դարուն բացարձակապէս անընդունելի է, որ ժողովուրդին` ինքնորոշման իրաւունքը կիրարկելու փափաքը կարելի ըլլայ վերածել կենսաբանական սպառնալիքի», շեշտած է Նիկոլ Փաշինեան:
Անոր համաձայն, Համաշխարհային Ա. պատերազմին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած է Ազգերու լիկան` ՄԱԿ-ի նախատիպը, որուն վերջնական նպատակը խաղաղութեան հաստատումն էր, բայց եւ այնպէս ժամանակակից աշխարհին մէջ ծայրայեղականութեան դրսեւորումները կ՛ահագնանան: «Վերոյիշեալ հաստատութիւններուն նպատակը առաջին հերթին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է: Այդուհանդերձ, այսօր մենք գրեթէ ամէն օր ականատես կ՛ըլլանք մարդու հիմնարար իրաւունքի, կեանքի իրաւունքի ոտնահարման դէպքերու: Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտէն ետք շատեր կը կարծէին, թէ ատիկա պիտի ըլլայ վերջին պատերազմը: Սակայն շուտով անոր յաջորդեց Համաշխարհային Բ. պատերազմը: Սկսաւ պատերազմի եւ սպառազինութիւններու մրցավազքի նոր փուլ: Ցաւօք, մինչեւ այսօր անոր վերջ չէ տրուած, այլ հետզհետէ աւելի կը խորանայ ատիկա», շեշտած է Փաշինեան:
«Անշուշտ, մենք չենք կրնար փոխել պատմութիւնը, եւ ատոր կարիքն ալ չկայ: Բայց պատմութիւնը կրնայ փոխել մեզ, որ մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ: Այդ իսկ պատճառով մենք պէտք է յիշենք Համաշխարհային Ա. պատերազմի կարեւորագոյն դասը: Որեւէ պետութիւն չի կրնար իր յաջողութիւնը կառուցել ուրիշներու թշուառութեան վրայ, ոչ ոք կրնայ ազատութիւն ձեռք բերել ուրիշներու ստրկութեան հաշուոյն: Այդ պատերազմին վերջ տրուեցաւ հարիւր տարի առաջ: Եւ ասիկա հիանալի առիթ է մտածելու պատերազմներէն զերծ, խաղաղութեան դարաշրջանի մասին: Ես կը հաւատամ, որ հոս` Փարիզի մէջ հաւաքուած առաջնորդները պիտի կարենան հասնիլ այդ նպատակին: Ատիկա պիտի ըլլայ յարգանքի լաւագոյն տուրքը` մատուցուած նախորդ դարու անմեղ զոհերուն», եզրափակած է Փաշինեան:
Իր խօսքէն ետք Նիկոլ Փաշինեան խորհրդանշական գիրք յանձնած է «Խաղաղութեան գրադարան»-ին` պատմաբան Հայկ Դեմոյեանի «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերին» պատկերազարդ գիրքը:



