«Կը կարծեմ, որ շատ կարեւորութիւն պէտք չէ տալ այդ չակերտաւոր մեքանիզմին, թերեւս Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումները մեղմացած են, բայց չեմ կարծեր, որ ատիկա քաղաքականութեան փոփոխութիւն է»: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը` անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն ետք ստեղծուած ուղղակի կապին: «Տպաւորութիւնս այն է, որ այդ երկխօսութիւնը պարոն Փաշինեանի նախաձեռնութիւնը եղած է, եւ այդ երկխօսութիւնը ինքնին կրնայ դրական ըլլալ», ըսաւ ան եւ իբրեւ զինադադարի դրութիւնը ամրապնդելու երաշխիք կարեւոր նկատեց Ալիեւի համաձայնութիւնը ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւններու ընդլայնման, նկարահանող սարքերու տեղադրման առումով:
«Ազրպէյճանի նախագահը, Հայաստանի վարչապետին հետ առանձին այս հարցը լուծելու փորձեր ընելով, իրականութեան մէջ կը խուսափի այն պարտաւորութիւններէն, որ ստանձնած է ապրիլ 2016-էն ետք Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ընթացքին: Ազրպէյճանի հիմնական նպատակը նախ այս պայմանաւորուածութիւններէն խուսափիլն է եւ երկրորդ նպատակը քարոզչական է, որ ցոյց տայ, թէ առանձին ալ կրնան խօսիլ», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի շահին, ապա Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան փորձած է ցոյց տալ, որ ինք կրնայ Ալիեւին հետ խօսիլ, պայմանաւորուած է, եւ այդ պայմանաւորուածութիւնը իրականացուի: Ան նշեց, որ ինչ որ տեղ Հայաստանի համար եւս քարոզչական է այս ամէնը եւ այս պարագային աւելի շատ ներքին լսարանին ուղղուած է, իսկ Ազրպէյճանի համար թիրախը արտաքին լսարանն է:
«Թերեւս նուազած են խախտումները Ազրպէյճանի կողմէ, բայց ատիկա հարցի լուծում չէ, այսինքն` յուսամ, ճիշդ է պարոն Փաշինեանը, որ կ՛աշխատի այդ մեքանիզմը, քանի որ չաշխատելու փաստը սուղ պիտի ըլլայ, վստահ եմ, երկուքին համար ալ», ըսաւ ան:
Կիրօ Մանոյեան յիշեցուց, որ նման մեքանիզմ ասկէ առաջ եւս եղած է Արցախի հետ: «Իրենք կը խուսափին ուղղակի Ղարաբաղի հետ որեւէ մեքանիզմ հաստատելէ, եւ կը կարծեմ, որ Հայաստանն ալ պիտի չ՛ուզէր Արցախի շփման գիծի խախտումներու համար իրեն հետ կապուիլ, այլ պէտք է նախընտրէր, որ կապուին Արցախի հետ, հիմա ալ անհրաժեշտ է ատիկա պնդել: Կայ պնդում, որ Արցախը` իբրեւ լիիրաւ կողմ, պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, իսկ անոր ամէնէն ուժեղ փաստարկը այն է, որ Արցախը ստորագրած է զինադադարի մասին համաձայնագիրը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ սպասուող զարգացումներուն` Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, թէ վստահ չէ, որ Ազրպէյճանը կ՛ուզէ, որ իրավիճակ փոխուի, քանի որ իր շահը չկայ այդտեղ, բայց ընտրութիւններէն ետք Արցախի հետ շփման գիծին եւ բանակցութիւններուն մէջ լարուածութեան փորձեր պիտի կատարուին:
«Ընտրութիւններէն ետք ազգովին պէտք է լրջանանք, որ մեր խնդիրները լուծենք, քանի որ Ազրպէյճանը կրնայ մեզի համար վտանգաւոր վիճակներ ստեղծել», ըսաւ ան:



