Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկա Արցախի Տագնապին Խաղաղ Լուծումը Կը Ջատագովէ

November 12, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան հաստատման ու երկխօսութեան ընդլայնման ուղղուած ջանքերուն, որոնք կրնան կայունացնել ապահովական կացութիւնը եւ ստեղծել բանակցութիւններու համար առաւել կառուցողական մթնոլորտ, 8 նոյեմբերին յայտարարեց ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան ղեկավարի տեղակալի պաշտօնակատար Կրեկըրի Մաքրիս` ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին:

Ան ընդգծեց, որ իբրեւ համանախագահող երկիր` Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին գործունէութիւնը` վերահաստատելով իրենց ամուր աջակցութիւնը անոնց աշխատանքին, հասնելու համար Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման:

Մաքրիս նշեց, որ Միացեալ Նահանգները ոգեւորուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի  ղեկավարներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով վերջերս տեղի ունեցած կառուցողական շփումներով, որոնք «ուղղակի եւ դրական արդիւնքներ կու տան», որովհետեւ վերջին երկու ամիսներուն շփման գիծի երկայնքին եւ տագնապէն տուժած գօտիներուն մէջ բռնութեան նուազեցում կը նկատուի:

«Կողմերը պէտք է օգտուին ընձեռուած առիթէն` գտնելու ուղիներ տագնապին յառաջ մղելու համար», շեշտեց ան:

Մաքրիս ընդգծեց, որ համանախագահները կողմերուն առաջարկած են լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ հաղորդակցութիւնները բարելաւելու քանի մը քայլեր, որոնց նկատմամբ Ամերիկա ամբողջական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ: Ան նաեւ յայտնեց այն համոզումը, որ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպումները կրնան դրական ազդեցութիւն գործել առաջարկուած միջոցները կեանքի կոչելու գործին մէջ:

«Այս տագնապը արդէն շատ երկար ժամանակ է, որ կը շարունակուի: Եկած է պահը, որ կողմերը զերծ մնան փոխադարձ մեղադրանքներէ եւ նախապատրաստեն իրենց բնակչութիւնը` խաղաղութեան», նշեց ան:

Դիւանագէտը յիշեցուց, որ Ամերիկա մեծ կարեւորութիւն կու տայ շրջանին մէջ տագնապներուն, ներառեալ` Արցախի տագնապին լուծման մէջ ԵԱՀԿ-ի ջանքերուն եւ պնդեց, թէ այդ պատճառով է, որ վերջին շաբաթներուն ամերիկացի բարձրաստիճան պատուիրակներ Հայաստան եւ Ազրպէյճան առաքուած են:

«Միացեալ Նահանգները կը հաւատան այն տեսակէտին, որ այս տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ: Ներկայ իրավիճակը եւս անընդունելի է: Միացեալ Նահանգները յանձնառու են շարունակելու իրենց աշխատանքը կողմերուն հետ` յանուն տեւական եւ խաղաղ հանգուցալուծման, որ հիմնուած պիտի ըլլայ ուժ չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան, հաւասար իրաւունքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ», եզրակացուց Մաքրիս:

 

Նախորդը

Փայլան Կը Խօսի Հայ-Թրքական Սահմանին Բացման Մասին

Յաջորդը

Վիգէն Սարգսեան. «ՀՀԿ-ն Պիտի Մասնակցի Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.