Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան Թուրքիոյ 2019 թուականի պետական ամավարկի քննարկման ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի փակ մնալու հարցին:
«Եթէ սահմանը բացուի, յարաբերութիւնները պիտի զարգանան, մարդիկ աւելի մեծ թիւով պիտի երթան եւ գան, ու եթէ հարցեր ունինք, աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենանք լուծել զանոնք: Այս պատճառով, կը կարծենք, որ սահմանները բանալու նոր հոլովոյթի սկսելու անհրաժեշտութիւն կայ», ըսաւ Փայլան:
Իր ելոյթին մէջ Փայլան անդրադարձաւ նաեւ երկրի ներքին ընկերային հարցերուն` նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ աւելի կ՛աճի աղքատութիւնը, իսկ մարդոց գնելու կարողականութիւնը կը նուազի:



