Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խխունջներ` Ապականումը Չափելու Համար

Նոյեմբեր 10, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտնականներ սկսած են խխունջներ գործածել` ուսումնասիրելու համար գետնին ապականումը: Անոնք կը վերլուծեն այս թուլամորթներուն կերածը եւ անոնց հետ կապի մէջ մտած օդը: Ասիկա գիտնականներուն յղացած վերջին իւրայատուկ գաղափարն է կենսոլորտը ուսումնասիրելու համար:

Անոնց ծրագիրն է մօտաւորապէս յիսուն խխունջներ ապրեցնել փակ վայրի մը մէջ: Մէկ ամսուան ընթացքին, այս խխունջները պիտի շնչեն օդը եւ սնանին գետնէն եւ բոյսերով: Ապա գիտնականները կրնան վերլուծել անոնց մարմինին անցած ապականումի քանակը:

Խխունջներու ընտանիքին պատկանող անասուններուն վրայ ուսումնասիրութիւնները սկիզբ առած են 1990-ական թուականներէն ի վեր: Գիտնականները կ՛ուսումնասիրեն յատկապէս անոնց սննդականոնը եւ աճելու ձեւը:

Գիտնականները խխունջը ընտրած են իրենց ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ առարկայ, որովհետեւ ան ուղղակիօրէն կ՛ապրի հողին վրայ ու կապի մէջ է բոյսերուն եւ մթնոլորտին հետ: Հետեւաբար ան շատ լաւ օրինակ մըն է ուսումնասիրելու համար մեր կենսոլորտը: Առաւել, զայն պահելը եւ մեծցնելը դիւրին է:

Այս խխունջներուն միջոցով կատարուելիք վերլուծումները կարելիութիւնը պիտի տան հասկնալու հողին վիճակը: Գիտնականները աւելի ճշգրտօրէն պիտի գիտնան ապականումին վտանգները կենդանի էակներուն վրայ: Օրինակի համար, երբ խխունջները սողան դաշտի մը վրայ, կարելի է գիտնալ, թէ այդ հողը պէ՞տք է մաքրել ապականումէ:

Սակայն, նոյնիսկ եթէ այս թուլամորթը վերլուծումի լաւ գործիք մըն է, ան չի լուծեր հողին ապականումին հարցը: Եւ այս միջոցը ամէն տեղ գործադրութեան դնելէ առաջ, խխունջները բազմաթիւ քննութիւններէ պիտի անցնին: Հետեւաբար մենք տակաւին քանի մը տարի պէտք է սպասենք:

Հսկայական Զմրուխտ Մը Գտնուած Է

Երկու երկրաբաններ գտած են հսկայական զմրուխտի կտոր մը: Այս կանաչ յարգի քարը կը կշռէ 5655 քարաթ (1131 կրամ):

Երկու գիտնականները զմրուխտը գտած են Քակէմի հանքին մէջ, Զամպիա, Ափրիկէ: Քարը անուանուած է Ինքալամու, որ կը նշանակէ` «զմրուխտ առիւծ», տեղական լեզուով: «Ճեմֆիլծ» ընկերութիւնը, որուն կը պատկանի հանքը, յայտարարած է, որ քարը պիտի ծախուի նոյեմբերին, Սինկափուրի մէջ:

Նոյնիսկ եթէ ան տպաւորիչ եւ հազուագիւտ է, Զամպիոյ մէջ գտնուած զմրուխտը ամէնէն մեծը չէ: 2001-ին 38 քիլօ կշռող քար մը գտնուած է պրազիլիական հանքի մը մէջ: Պահիա զմրուխտը գնահատուած է աւելի քան 400 հազար միլիոն տոլար:

Ինչպէ՞ս Կը Կազմուի Զմրուխտը

Զմրուխտները ընդհանրապէս հազուագիւտ են, որովհետեւ անոնք կը յայտնուին միայն կարգ մը պարագաներու: Անոր բաղադրութեան նիւթերէն մէկը` պերիլիոմը կը գտնուի գլխաւորաբար մակմային մէջ (հրաբուխէն թափած լաւան): Այս թուականին քարը կազմուած է նաեւ քրոմէ, վանտանիոմէ եւ երկաթէ: Այս երեք նիւթերուն ներկայութիւնն է, որ կու տայ անոր կանաչ գոյնը:

Զմրուխտ կը գտնենք գլխաւորաբար Քոլոմպիոյ եւ Պրազիլի մէջ, ուր անոնք կազմուած են միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Զամպիոյ մէջ գտնուած քարը շատ մաքուր է՞ մինչ զմրուխտներուն մեծ մասը խառնուած են ուրիշ հանքային նիւթերով:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Կասպից ծովը ամէնէն մեծ ջուրի տարածքն է, որ ամբողջովին ցամաքով շրջապատուած է: Ան Ճափոնէն ալ աւելի մեծ է:

– Ռումանիոյ մայրաքաղաքին խորհրդարանի շէնքը կարելի է տեսնել տիեզերքէն: Մօտաւորապէս 20 հազար անձեր աշխատած են անոր շինութեան վրայ, յուլիս 1984-էն սկսեալ:

– Իրլանտացի բանաստեղծ մը գտած է թատերախաղ մը, որ կը տեւէ 35 երկվայրկեան:

– Ֆինլանտա ունի մօտաւորապէս 188 հազար լիճ:

– Իսլանտայի մէջ օրէնքը կը ստիպէ, որ ամէն մարդ լողալ սորվի:

– Աշխարհի ամէնէն քիչ բնակչութիւն ունեցող երկիրը Վատիկանն է: Ան կը գտնուի Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ: 2011 թուականին հոն արձանագրուած են 798 բնակիչ:

Ինչո՞ւ

… Ձուկերը Կը Սատկին Ջուրէն Դուրս

Ջուրին մէջ ձուկերը կը շնչեն խռիկներու շնորհիւ: Խռիկները կը բանին մեր թոքերուն նման, սակայն անոնք չեն կրնար աշխատիլ, եթէ ձուկը ջուրէն դուրս ըլլայ, անոնք կը չորնան եւ ձուկերը կը խեղդուին ու կը սատկին:

Խեչափառներն ալ խռիկներ ունին, սակայն անոնք աւելի երկար ժամանակ կրնան ջուրէն դուրս մնալ, որովհետեւ անոնց պատեանը ջուրը մարմինէն ներս կը պահէ:

… Օձերուն Լեզուին Ծայրը Երկուքի Բաժնուած Է

Օձերուն լեզուն անոնց կը ծառայէ «համտեսելու» միւս անասուններուն ձգած հոտերը: Իրենց լեզուի պատառաքաղի ձեւին շնորհիւ` այս սողունները կրնան ճշդել, թէ հոտերը կու գան ձախէն, թէ՞ աջէն: Ապա անոնց քիմքը հոտը կը վերլուծէ` անոնց ձգելով ընտրութիւնը փախուստ տալու կամ որսին վրայ յարձակելու միջեւ:

… Սառնարանին Մէջ Պաղ Կ՛ըլլայ

Ասիկա միակ ձեւն է ուտելիքները բազմաթիւ օրեր եւ նոյնիսկ բազմաթիւ շաբաթներ թարմ պահելու: Պաղը մանրէները կը քնացնէ եւ կը դանդաղեցնէ ուտելիքներուն վրայ բորբոսի աճումը:

Կատարէ փոքրիկ փորձ մը: Քիչ մը պանիրի տաշուք սառնարանէն դուրս պահէ: Քանի մը օր ետք ան պիտի բորբոսի եւ սկսի կանաչ դառնալ:

… Պէտք Է Մենք Ջուր Խմենք

Մարդկային մարմինը գլխաւորաբար կազմուած է ջուրով (մօտաւորապէս` 65 առ հարիւր): Սակայն ամէն օր մենք այդ ջուրէն քիչ մը կը կորսնցնենք մէզի եւ քրտինքի ձեւի տակ: Ջուր խմելով` մենք մեր մարմնին կու տանք անոր կորսնցուցած ջուրը, եւ այս ձեւով ան կրնայ բնականօրէն բանիլ:

… Մեր Ստամոքսը Ձայներ Կը Հանէ, Երբ Մենք Անօթի Ենք

Երբ մենք անօթի ենք, մեր ստամոքսը կը շարժի մեզի յիշեցնելու համար, որ պէտք է զինք լեցնել… եւ «կը կարկաչէ»: Եւ որովհետեւ մեր ստամոքսը պարապ է, այս ձայները կ՛արձագանգեն եւ զօրաւոր կը հնչեն:

Սակայն գիտէի՞ք, որ ստամոքսը եւ աղիքները անդադար կը շարժին: Ականջդ դիր ընկերոջ մը փորին վրայ. ան «կը կարկաչէ»:

… Թագաւորները Թագ Կը Դնեն

Հին ժամանակներուն թագը յաղթողներուն նուիրուած վարձատրութիւնը մըն էր. Յուլիոս Կեսարը դափնիի տերեւներով թագ մը կը դնէր գլխուն` կռիւներու ընթացքին իր յաղթանակներուն իբրեւ փաստ: Հետագային թագաւորները որոշեցին դնել ոսկիէ թագեր, որովհետեւ ոսկին ամէնէն յարգի մետաղն էր. այս ձեւով անոնք ցոյց կու տային, որ իրենք ամէնէն հզօր անձերն էին:

… Հին Եգիպտացիները Բուրգեր Կը Շինէին

Այս հսկայական կառոյցները, որոնց մենք կը հանդիպինք անապատին մէջ, իբրեւ գերեզման կը ծառայէին փարաւոններուն` Հին Եգիպտոսի թագաւորներուն, եւ ամէնէն հարուստ ասպետներուն: Անոնք այնքան բարձր էին, որ զայն շինել տուող փարաւոնը հաւանաբար կը մտածէր այս ձեւով աւելի դիւրութեամբ մօտենալ Րային, արեւ աստուծոյ:

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 94` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել ծաղկամանին հասցնող ճամբան:
Մէկ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1968)

Յաջորդը

Թաւրիզի Հայագիտական Բ. Գիտաժողով

RelatedPosts

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025
Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞
Մանկապատանեկան

Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞

Ապրիլ 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?