Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրանի Մէջ Ամերիկեան Նախկին Դեսպանատան Առջեւ Ցոյց

November 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Այսօր Ուժի Մէջ Կը Մտնեն Իրանի Մէջ Հաստատուած Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցները

Երէկ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ «Միջազգային ամբարտաւանութեան դիմակայման օրուան» առիթով բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանատան առջեւ:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօրավար Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի յայտնեց. «Իրանի մէջ յեղափոխութեան 40-ամեայ պատմութիւնը կը վկայէ Իսլամական հանրապետութեան դիմաց Ամերիկայի իրերայաջորդ պարտութիւններուն մասին»:

«Իրանի դէմ ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցները պիտի մնան ապարդիւն», ըսաւ ան` նշելով. «Փենթակոն շրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերուն յանձնարարեց Իրանի կարողականութեան շուրջ տեղեկութիւններ չհրապարակել»:

«Շրջանին մէջ իր կրած պարտութիւններէն ետք, Ամերիկա կը կեդրոնանայ Իրանի դէմ տնտեսական եւ հոգեբանական պատերազմին վրայ», ըսաւ ան:

Զօրավար Ժաաֆարի յայտնեց, որ 4 նոյեմբերը ամբարտաւանութեան դիմակայման եւ իրանցի ժողովուրդին` Ամերիկայի եւ ամբարտաւանութեան շարժումին դէմ արձանագրած յաղթանակին օրն է` խոստանալով, որ ատիկա իրանցի ժողովուրդին «ապտակը» պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի  շաբաթ օր հազար ուսանողներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Ամերիկան ամբողջ 40 տարի Իրանի դէմ շղթայազերծած իր պայքարին մէջ պարտութեան մատնուեցաւ»` աւելցնելով. «Աշխարհը կ՛ընդդիմանայ Թրամփի որդեգրած իւրաքանչիւր որոշումին»:

Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ իրանեան քարիւղ ներածել: Նախարարութիւնը իր կարգին ընդգծեց, որ «կտրուկ կերպով կը հաստատէ», թէ այդ առեւտուրը յառաջիկայ շաբաթ պիտի շարունակուի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք անգամ մը եւս կը հարուածեն հիւլէական զէնքերու տարածման դէմ համաձայնագիրը: Նախարարութիւնը այդ ուղղութեամբ արտայայտեց իր յուսախաբութիւնը:

Միւս կողմէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քարքաշ յայտնեց, որ «իրանեան թշնամական քաղաքականութիւնները» մեծապէս պատասխանատու են Թեհրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու հաստատման:

Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով նշեց. «Իրանի վնասաբեր քաղաքականութիւններուն դէմ դնելով հազուադէպ առիթ մը ունինք շրջանին մէջ իսկական կայունութիւն հաստատելու եւ ոչ թէ պարզապէս անոր տագնապները կարգաւորելու: Բնական, կայուն եւ զարգացող Իրան մը առնչակից բոլոր երկիրներուն շահերէն կը բխի»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերահաստատելու նախագահ Թրամփի քայլը պատմական է:

Ըստ անոր, պատժամիջոցներուն առաջին ազդեցութիւնը արդէն կ՛երեւի իրանեան դրամանիշին արժեզրկման մէջ: «Երկար տարիներ պահանջեցի ամբողջական վերացումը Իրանի մէջ ահաբեկչական վարչակարգին, որ ամբողջ աշխարհը կը վտանգէ», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ իր երկրին Իրանի դէմ հաստատած պատժամիջոցները թիրախ կը դարձնեն Իրանի վարչակարգը եւ ոչ թէ ժողովուրդը:

Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Այս ամսուան հինգին Իրանի իշխող վարչակարգին դէմ խիստ պատժամիջոցներ պիտի հաստատենք»:

«Մեր նպատակը Իրանին իր կործանիչ գործունէութենէն հրաժարիլ ստիպելն է», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Պատժամիջոցներուն թիրախը վարչակարգն է եւ ոչ թէ ժողովուրդը, որ կը տառապի իր կառավարութեան վատ կառավարումէն ու վայրագ գողութիւններէն»:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Ռիատէն Կը Պահանջէ Խաշոկճիի Մարմինը Յանձնել Իր Ընտանիքին

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակումներ Կանխարգիլուած Են

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.