Միացեալ Նահանգներ Սէուտական Արաբիայէն կը պահանջեն սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի մարմինը յանձնել իր ընտանիքին` իսլամական աւանդութեան համապատասխան կարգով յուղարկաւորութիւն կատարելու համար: «Ամերիկայի ձայն»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Ռոպըրթ Փալատինօ:
Խաշոկճիի ընտանիքը արդէն ներկայացուցած է անոր մարմինը ստանալու վերաբերեալ իր պաշտօնական պահանջը:
«Թուրք-արաբական լրատուամիջոցներու» միութիւնը իր կարգին մէկ օր առաջ յատուկ յայտարարութիւն մը հրապարակած էր` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով ճնշում բանեցնելու Սէուտական Արաբիոյ վրայ` Խաշոկճիի մարմինը անոր ընտանիքին յանձնելու համար:
Յիշեցնենք, որ ընդդիմադիր լրագրողը անհետացած էր Պոլսոյ մէջ իր երկրի հիւպատոսարան մուտք գործելէն ետք: Սէուտական Արաբիա հաստատած է, որ Խաշոկճի մահացած է «հիւպատոսարանին մէջ ծագած վէճի մը պատճառով»:



