Միացեալ Նահանգներ 8 երկիրներու, ներառեալ Հնդկաստանի, Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի արտօնած են շարունակել իրանեան քարիւղի գնումը 5 նոյեմբերին Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատումէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը` յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչին:
«Միեւնոյն ատեն Թրամփի աշխատակազմին նպատակը կը մնայ իրանեան տնտեսութեան եկամուտներու հարկադիր նուազումը», ըսած է վարչակազմի ներկայացուցիչը:
Ան նշած է, որ պատժամիջոցներէն ազատումը ժամանակաւոր է, եւ Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալեն, որ պատժամիջոցներէն ազատուած երկիրները պիտի շարունակեն յառաջիկայ ամիսներուն նուազեցնել Իրանէն քարիւղի ներածման ծաւալները: Սակայն ան չէ բացատրած, թէ այդ երկիրները ի՛նչ ծաւալի քարիւղ կրնան ներածել:
Կը նախատեսուի, որ պատժամիջոցներէն ազատուած երկիրներու ցանկը պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի 5 նոյեմբերին, երբ Իրանի դէմ քարիւղային ոլորտին վերաբերող պատժամիջոցները մտնեն ուժի մէջ: Ամերիկեան վարչակազմը այդ երկիրներէն խնդրած է նաեւ սահմանափակել Իրանի հետ այլ տնտեսական կապերը, մասնաւորաբար կրճատել ապրանքներու վաճառքի ծաւալները:
«Կոլտմըն Սաքս» դրամատունը նախատեսեց, որ իրանեան քարիւղի արտածումները տարեվերջին 2018-ի կիսուն արձանագրած օրական 2,5 միլիոն տակառէն նուազին օրական 1,15 միլիոն տակառի:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք յայտնեց. «Իրանի դէմ պատժամիջոցներէն բացառութիւն նկատուելու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներէն որեւէ տեղեկութիւն չստացանք` այլ միայն տարաձայնութիւններ լսեցինք»:



