Միացեալ Նահանգներ յոյսով են, որ Թուրքիան պիտի չլքէ ՕԹԱՆ-ը եւ պիտի մնայ Միացեալ Նահանգներու յուսալի դաշնակիցը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն:
«Ատիկա ցաւալի պիտի ըլլայ ՕԹԱՆ-ի համար, ատիկա ցաւալի պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներուն համար, եւ ես կը կարծեմ, որ առաւել ցաւալի պիտի ըլլայ թուրք ժողովուրդին համար, եթէ այդպիսի բան տեղի ունենայ», ըսած է ան:
Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ բարդ շրջան էր, սակայն եղած են ոլորտներ, որոնց մէջ երկու երկիրները հասած են յաջողութեան:
«Մենք յոյսով ենք, որ Թուրքիան ու նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պիտի գան այն ըմբռնումին, որ Միացեալ Նահանգներ աւելի լաւ գործընկեր են, քան Իրանը, եւ ատոր, որ այն ուղին, որուն պէտք է նախագահ Էրտողան հետեւի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ ՕԹԱՆ-ի հետ առաւել սերտ փոխադարձ յարաբերութիւններուն աջակցիլն է», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարեց Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի եւ արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլի դէմ պատուելի Պրանսընի հարցով հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին Միացեալ Նահանգներու ներքին գործոց նախարար Քրիստին Նիլսընի եւ արդարադատութեան նախարար Ճեֆ Սեշնսի դէմ պատժամիջոցներու ջնջումը յայտարարեց:
«Կը Սերտենք Խաշոկճիի Սպանութեան Մեղսակիցներուն Դէմ
Պատժամիջոցներ Հաստատելու Հարցը»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ՔՄՈՔՍ ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ Ուաշինկթըն քանի մը շաբթուան կը կարօտի, որպէսզի հաւաքէ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան առնչուած պատասխանատու անձերու դէմ պատժամիջոցներու հաստատման համար անհրաժեշտ տեղեկութիւնը:
Անոր համաձայն, այդ ընթացքին ամերիկեան իշխանութիւնները բաւարար ապացոյցներ պիտի ստանան` Սէուտական Արաբիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու վերաբերեալ որոշում տալու համար:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն-Ռիատ յարաբերութիւնները «խոր են եւ երկարաժամկէտ»` սակայն աւելցուց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յստակօրէն ըսաւ, թէ աչք պիտի չփակենք եւ պիտի չարտօնենք, որ Խաշոկճիի սպանութեան հարցը մնայ անպատասխան»:
Փոմփէօ նաեւ նշեց, որ Խաշոկճիի սպանութեան ձայնագրութիւնը չէ լսած:



