Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 30 հոկտեմբերին ընդունած է Պելճիքայի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը` Ժան Ժաք Ֆլաուի գլխաւորութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումին քննարկուած են Պելճիքա-Արցախ յարաբերութիւններուն առնչուող տարբեր հարցեր:
Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ Պելճիքայի հետ յարաբերութիւնները կը զարգանան բաւական աշխուժ, յատկապէս` միջխորհրդարանական հարթութեան վրայ` ընդգծելով անոր կարեւորութիւնը եւ պահանջուածութիւնը Արցախի համար:
Արծարծուած են նաեւ Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին կը մասնակցէին արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:



