ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մի՛ վարանիք ձեր զգացումները յայտնել ամսուան առաջին օրը: Ձեր սիրելիներուն ժամանակ յատկացուցէք: Ընկերային յարաբերութիւնները կը զարգանան, բայց թոյլ մի՛ տաք, որ անոնք ազդեն ձեր անձնական կեանքին վրայ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ընտանեկան անակնկալ հարցով մը պիտի զբաղիք ամսուան առաջին օրը: Պահեցէք ձեր հանդարտութիւնը եւ ճկունութեամբ հարցը լուծեցէք: Յստակացուցէք տեղի ունեցած անհասկացողութիւնը եւ արագ վճիռ մի՛ կայացնէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ուժեղ տրամաբանութիւն ունիք: Պիտի յաջողիք քննարկումներ եւ զրոյցներ վարել: Կարեւոր միտքեր պիտի արտայայտէք: Դժուարութիւններ պիտի ծագին ձեր դիմաց, բայց պիտի յաջողիք զանոնք լուծել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մի՛ աճապարէք ծախսել ձեր վաստկած գումարները: Վճարումներ պիտի կատարէք ձեր ընկերոջ կամ կողակիցին: Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործը: Ականջի ետեւ մի՛ նետէք կարեւոր թուղթեր եւ գործունէութիւններ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ամսուան առաջին օրը տրամադրութիւնները բարձր են, եւ բախտը` զօրաւոր: Պատասխան մը պիտի ստանաք կամ լուր մը պիտի առնէք, որ ձեզ տեղքայլի վիճակէն դուրս պիտի հանէ: Նոր ու կարեւոր շրջան մը պիտի սկսիք: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ամսուան առաջին օրը բախտէ զուրկ օր մը պիտի ըլլայ ձեզի համար: Պահեցէք ձեր գաղտնիքները եւ լոյսերէ հեռու աշխատեցէք: Ձեր ընտանիքին մէջ տարբեր կարծիքներ պիտի հնչեն: Աշխատեցէք համերաշխութիւնը պահել:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ամրապնդեցէք ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Ուրախացէք ձեզմէ փոքրերուն եւ մանուկներուն հետ: Փոխադարձ այցելութիւններ պիտի ունենաք: Լայնցուցէք ձեր ծանօթութիւններու շրջանակը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Խրթին փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Հեռու մնացէք վիճաբանութենէ եւ տուէք ձեր լաւագոյնը: Ինքնավստահ եղէք ձեր կարողութիւններէն: Մի՛ տկարանաք ճնշումներու դիմաց:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Համարձակութեամբ արտայայտեցէք ձեր միտքերը: Դուք կրնաք յաղթանակի դրօշը ծածանեցնել, եթէ նախապէս լաւ պատրաստուիք: Դրական շրջան մըն է եւ ձեզ կը քաջալերէ ճամբորդութեան կամ նոր փորձառութիւն մը ունենալուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ստիպուած` զիջումներ պիտի կատարէք, որպէսզի ձեր գործերը քալեն: Խրթին հարցերու պիտի յաջողիք լուծումներ գտնել: Դժուարութիւն պիտի ունենաք ձեր ժամադրութիւնները յարգելու:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մթնոլորտը պիտի տագնապի անձնական հարցի մը պատճառով, ամսուան առաջին օրը: Նեղութեան պիտի ենթարկուիք եւ հակառակութիւններ պիտի ունենաք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պահեցէք ձեր հանդարտութիւնը եւ մի՛ աշխատիք հարցեր յարուցել ամսուան առաջին օրը: Դժուարութիւններ պիտի ունենաք ձեր գործին մէջ: Մի՛ տկարանաք, մի՛ յանձնուիք եւ սխալներ մի՛ գործէք:
 
			