ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կ՛ուզէք բանալ խորհրդաւոր մարդոց ծալքերը: Դժուար է հասնիլ ձեր ուզածին, վերապահ եղէք: Դէպքերը պիտի լաւանան: Կարեւոր կողմերու հետ կապ պիտի հաստատէք: Նիւթական հարցեր պիտի քննարկէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Իրականութեան նայեցէք այնպէս, ինչպէս որ է, առանց երազներու եւ երեւակայութիւններու: Փորձառութիւններու դիմաց ձեռնածալ մի՛ կանգնիք, այլ դուք ալ փորձեցէք լուծումներ գտնել: Ճնշումը պիտի թեթեւնայ յառաջիկայ օրերուն: Մի՛ հաւատաք ձեր ամէն լսածին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պէտք է համակերպիք ձեր հաստատութեան մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն: Ջղայնութենէ եւ հակադարձութենէ հեռու մնացէք: Յառաջիկայ օրերը ամսուան լաւ օրերէն են, որոնք ձեզի կը բերեն վիպապաշտութիւն եւ հմայիչ տեսք: Նորութիւնները պիտի ընդունիք առանց երկմտանքի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի ստանաք նշաններ, որոնց հիման վրայ պիտի վերլուծէք կատարուածները: Սիրային դէպք մը պիտի պատահի, որ իւրայատուկ պիտի ըլլայ ձեր կեանքին մէջ: Ձեզի սիրելի անձ մը պիտի բացակայի: Հարցերուն պիտի նայիք տարբեր տեսանկիւնէ եւ ձեր ընտանիքին ու ազգականներուն կարծիքը պիտի առնէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Վերահսկողութեան տակ պահեցէք իրադարձութիւնները: Կարգ մը երեւոյթներ գաղտնի պահեցէք եւ ստուգեցէք անոնց ճշգրտութիւնը, ապա որոշում տուէք: Կարգ մը գաղտնիքներ պիտի բացայայտէք յառաջիկայ օրերուն: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր նիւթական պայմանները պիտի բարելաւուին: Մեծ շահեր պիտի ապահովէք յառաջիկայ օրերուն: Դիտողութիւններ մի՛ կատարէք ձեր շուրջի մարդոց: Ձեր յաջողութիւնը կարգ մը մարդոց նախանձը պիտի գրգռէ: Ներդրումներ կատարելու լաւ շրջան մըն է:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Այս շրջանը պիտի յատկանշուի վիճաբանութեամբ: Պիտի զգաք, որ ձեզ կը խեղդեն իրենց կարծիքներով ու տեսակէտներով: Հարցերով լեցուն շրջան մը պիտի ունենաք: Հանդարտ եղէք, որպէսզի կարենաք յաղթահարել այս ժամանակահատուածը խաղաղութեամբ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Լռութեամբ կատարեցէք ձեր աշխատանքը եւ` առանց աճապարանքի, որպէսզի համաձայնութեան հասնիք: Զրոյցները հարուստ կ՛երեւին, որովհետեւ ձեզի պիտի յուշեն նոր միտքեր, որոնք պիտի օգտագործէք ձեր առօրեային մէջ: Հարցերէ հեռու կեցէք: Ձեզ անհանգստացնող լուր մը պիտի ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէք այս օրերուն: Կարգ մը խոստումներ պիտի չկարենաք կատարել: Թշնամիներ մի՛ ունենաք: Փափուկ շրջան մըն է. հեռու կեցէք ընկերային եւ անձնական նախաձեռնութիւններէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր ճամբան կը շարունակէք համարձակութեամբ: Նիւթական ձեր վատ պայմանները պիտի բարելաւէք եւ լաւ արդիւնքներ պիտի ապահովէք: Ապագայի պատկերը ձեր դիմաց պիտի ուրուագծուի: Յառաջիկայ օրերուն կարեւոր որոշումներ պիտի տաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր իրաւունքը եւ դատ մը պիտի պաշտպանէք: Հակառակողներուն դէմ պիտի կանգնիք: Բախտը ձեզի պիտի օգնէ, որ դուք յաջողութիւն մը արձանագրէք եւ ձեր թշնամիներուն յաղթէք: Ձեր շուրջինները պիտի համոզէք ձեր տեսակէտներով:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Կարեւոր եւ արմատական փոփոխութիւն մը պիտի կատարէք ձեր կեանքին մէջ: Իրարանցում մը տեղի պիտի ունենայ: Օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին, բան մը, որ պիտի նեղացնէ շատեր: Ամսականի բարելաւում պիտի ունենաք: