ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ լիբանանահայ մտաւորական, թատերագիր եւ Համազգայինի շքանշանակիր`
ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2018-ին, Պէյրութի մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կը գուժէ լիբանանահայ հանրածանօթ մտաւորական եւ թատերագիր
ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Յարութ Մանուկեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Պերճ Մանուկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Ռոզին Չըլտըրեան եւ զաւակունք
Տիկին Պերճուհի Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զաւէն Ղարիպեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Կարօ Ղարիպեան եւ զաւակունք
Մանուկեան եւ Ղարիպեան ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Չըլտըրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱԼԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՂԱՐԻՊԵԱՆ, 1939-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2018-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
—————————————
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Խզարճեան ընտանիքի անդամները տիկին Լուսին Թումայեան-Խզարճեանի մահուան քառասունքին առիթով կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 տոլարով:
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեան իրենց հօր` Մինաս Մարթայեանի մահուան 10-ամեակին առիթով ստանձնեցին օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 տոլարով:
(25 հոկտեմբեր 2018)
—————————————
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018-ԻՆ
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ
ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ.
03/905441, 70/962747 ԵՒ 03/576334
—————————————
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018