Անցեալ տարեշրջանի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Նիւ Եորք Նիքս 3 պարտութիւններէ ետք վերջապէս արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 111-97 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Տիթրոյիթ Փիսթընզը:
Ասիկա Փիկսթընզի առաջին պարտութիւնն էր (3 յաղթանակներէ ետք), ուր Քէյտ Քանինկհեմ 19 կէտ նշանակեց:
Նիւ Եորքի լաւագոյն մարզիկներէն էին Քարլ-Անթոնի Թաունզ (27 կէտ եւ 20 ռիպաունտ) եւ Ճէյլըն Պրանսըն (23 կէտ):
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր դաշտին վրայ 11 կէտերով յառաջանալէ ետք Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դէմ, 7 կէտերով կորսնցուց մրցումը (136-129), կրելով տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:
Փորթլենտ իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը տօնեց: Մրցումին ընթացքին փայլեցան 4 մարզիկներ նշանակելով 20-է աւելի կէտեր: Ճա Մըրենթ (23 կէտ), Տենի Ավտիճա (23 կէտ), Ճրու Հոլիտէյ (22 կէտ) եւ Տեմիըն Լիլըրտ (21 կէտ) բաւական լաւ ելոյթ ունեցան:
Լէյքըրզի լաւագոյն մարզիկն էր սլովենիացի Լուքա Տոնչիչ, որ 41 կէտ նշանակեց, մինչ Օսթըն Ռիվզ աւելցուց 26 կէտ, բայց անոնք բաւարար չէին, որ Լէյքըրզ յաղթէ:
Պոսթըն Սելթիքս պէտք ունեցաւ Ճէյսըն Թէյթըմի պազըր պեթըրին` յաղթելու Պրուքլին Նեթցին 125-124 արդիւնքով:
Ասիկա Սելթիքսի 3-րդ յաղթանակն էր 4 մրցումներու ընթացքին, մինչ Նեթց կրեց իր 4-րդ պարտութիւնը:
Թէյթըմ 40 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի, մինչ Նեթցի լաւագոյն մարզիկն էր Մայքըլ Փորթըր (27 կէտ եւ 12 ռիպաունտ):


