ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբը երէկ դատապարտեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Միլզի «Ի.Վի. Էն. Ռիփորթ»-ի հետ զրոյցին արտայայտած տեսակէտը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չի կրնար լուծուիլ առանց «գրաւեալ տարածքներու որոշակի մասի վերադարձին»: Ազատամարտիկներու յանձնախումբը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորաբար նշեց.
«Թէ՛ քաղաքական, թէ՛ պատմական եւ թէ՛ իրաւական առումներով խնդրոյ առարկայ տարածքները որեւէ պարագայի չեն կրնար դիտարկուիլ իբրեւ «գրաւեալ տարածքներ»: Յատկանշական է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու կողմէ եւս երբեք չէ օգտագործուած այդ որակաւորումը:
«Աներկբայ է, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ չկան գրաւեալ տարածքներ, կան մեր պատմական հայրենիքի բռնազաւթուած տարածքներ, որոնց մէկ մասը ազատագրուած է արցախեան ազատամարտի ընթացքին` հայութեան անմնացորդ նուիրումի եւ հերոս հայորդիներու արեան գնով: Անոնք Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ կը հանդիսանան Արցախի Հանրապետութեան անբաժանելի մաս:
«Արցախեան ազատամարտը, հայութեան ազատագրական պայքարի մէկ փուլն է, որուն մեզի բախտ վիճակուեցաւ մասնակցելու եւ այսօր ալ պատրաստ ենք ապահովելու մեր հայրենի սահմաններուն անվտանգութիւնը:
«Վճռականօրէն կը յայտարարենք, որ մեր պայքարը աւարտած չէ: Իսկ հողերու վերադարձի մասին որեւէ խօսակցութիւն մերժելի է եւ դատապարտելի»:



