ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հասկացողութեան եւ համաձայնութեան մթնոլորտ մը կը փնտռէք: Թոյլ մի՛ տաք, որ ջղայնութիւնը ազդէ ձեր վրայ: Կը գործակցիք անձի մը հետ, որ ձեզ շատ չի սիրեր եւ կ՛աշխատի նեղացնել: Հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Օրը պիտի սկսիք վիպային պահով կամ նոր ծանօթութեամբ մը: Զրոյցները տաք կ՛երեւին: Նորութիւններու հետ գործ պիտի ունենաք: Նոր յոյսեր պիտի ծագին: Վիճաբանութիւններ եւ յուսախաբութիւններ պիտի ունենաք, ուշադիր եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Նոյնիսկ եթէ շատեր կը փորձեն խոչընդոտներ ստեղծել ձեր ճամբուն վրայ, դուք ինքնավստահութեամբ եւ աշխուժութեամբ յառաջ պիտի երթաք եւ ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնաք: Ձեր կարողութիւնները պիտի բարգաւաճին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր ընկերային կեանքը պիտի զարգանայ: Կարգ մը վիճաբանութիւններ խոհեմութեամբ պիտի լուծէք, բայց վերջաւորութեան անոնք տեղ պիտի ձգեն ձեր սրտին մէջ: Այս շաբաթը ինքնավստահութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ պիտի սկսիք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Թշնամութիւնը զօրաւոր պիտի ըլլայ, բայց դուք զիջումներ պիտի կատարէք: Ձեր կարծիքը եւ տեսակէտը պիտի յայտնէք ձեր ընկերներուն: Բարձր տրամադրութիւն պիտի ունենաք: Ընկերներու հետ պիտի գործակցիք ծրագիրի մը գործադրութեան համար:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Հարց մը պիտի ունենաք այս օրերուն: Ձեզի կը թուի, որ մէկը ձեզի սուտ կը խօսի կամ ձեզմէ բան մը կը ծածկէ: Պիտի շրջապատուիք լաւ ընկերներով, որոնք հոգ պիտի տանին ձեզի: Դուք պիտի ուզէք, որ ձեր ընկերները հասկնան եւ ընդունին ձեր կարծիքը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Շատ լաւ տրամադրութիւն պիտի ունենաք: Դրականութեամբ պիտի դիմաւորէք այս օրը: Մութ հարցեր յստակ պիտի դառնան ձեզի: Ուրիշներէն խրատներ պիտի ընդունիք, բայց ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխուի: Ընտանեկան հարց մը պիտի լուծէք յառաջիկայ օրերուն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր հմայիչ անձնաւորութեամբ շատեր պիտի շահիք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ, եւ դուք պիտի զգաք ձեր մեծ կարողութիւնը: Ձեր ժողովրդականութիւնը պիտի մեծնայ, եւ աշխատանքային յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Հանդարտութեամբ սկսեցէք այս օրը: Առանց ճնշումներու տարէք ձեր աշխատանքը: Աշխատանքային յարաբերութիւնները կարեւոր կ՛երեւին: Պիտի համակերպիք ձեր միջավայրին եւ ձեր շուրջիններու կարծիքներուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր ճամբան եւ ընթացքը պիտի ճշդէք այս երկու օրերու ընթացքին: Առկախ մնացած նիւթական եւ առողջական հարցեր պիտի լուծէք: Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու պարագային գաղտնապահ պիտի ըլլաք: Դուրս պիտի ուզէք գալ շատ մը հարցերէ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Յառաջիկայ օրերուն ձեր ձայնը լսելի պիտի դառնայ եւ ազդեցիկ` շատերու համար: Վիպային պահեր պիտի ապրիք: Գաղտնի յարաբերութիւն մը պիտի ունենաք: Ձեր շահերը պիտի պաշտպանէք: Ընկերային կարգ մը հարցերով պիտի զբաղիք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Աստղերը պիտի պահեն ձեզ ամէն փորձանքէ: Մեծ վարպետութեամբ պիտի յաջողցնէք ձեր գործերը: Ձեր կարողութիւնները ի գործ պիտի դնէք` յարմարելու մթնոլորտին եւ ընդունելու տարբեր կարծիքներ ու տեսակէտներ:
 
			