Ռուս սահմանապահները ձերբակալած են Թուրքիա-Հայաստան սահմանը ապօրինի կերպով կտրած անձ մը:
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, թէ 15 հոկտեմբերին Գիւմրիի սահմանապահ ջոկատի սահմանապահները նկատած են անյայտ անձ մը, որ կտրած է Թուրքիա-Հայաստան սահմանը: Խնդրոյ առարկայ անձը ուշադիր զննած է շրջանը եւ փորձած աննկատ կերպով յառաջ շարժիլ:
Որոշ ժամանակ ետք սահմանախախտի շարժման ենթադրեալ ուղիին վրայ սահմանապահները թակարդ լարած են եւ զինք ձերբակալած:
Նախնական տեղեկութիւններով` ձերբակալուածը Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի է:
Սահմանուած օրէնսդրական կարգի համաձայն, սահմանը ապօրինի կերպով կտրած անձը յանձնուած է Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն:



