ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Աշխատանք տարէք` վերագտնելու ձեր հանդարտութիւնը: Փոփոխութիւն մը պիտի նշմարէք ի շահ ձեզի: Մի՛ վարանիք ուրիշներէն խրատ եւ տեսակէտ հարցնելու: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Աւելի ուշադիր եղէք ձեր ստացուածքին, դրամներուն եւ ինքնավստահութեան: Մի՛ աճապարէք ներդրումներ կատարելու մէջ: Ձեր զայրոյթը դուրս մղեցէք մարզանք կամ ձեր նախասիրած մէկ բանը կատարելով:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պայմանները պիտի փոխուին ի նպաստ ձեզի: Կեանքը իր բնականոն ընթացքին պիտի վերադառնայ: Ձեր շահերուն ի նպաստ եղող զարգացումի մը համար պիտի ուրախանաք: Կարեւոր որոշում մը պիտի տաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կարիքը ունիք ուրիշներու գործակցութեան, եթէ կ’ուզէք ձեր գործը աւարտել ճշդուած ժամանակին: Լաւ դասաւորեցէք ձեր ժամանակը, որպէսզի թերացումներ չարձանագրէք: Ձեր առողջութեան հոգ պիտի տանիք: Ուշադիր եղէք յուսախաբութենէ: Նոր գործի մի՛ սկսիք այս շրջանին:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր սիրելիներուն կողքին հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: Յարմար շրջան է` ծանօթութիւններ հաստատելու: Բարի բախտ պիտի ունենաք: Ճկունութեամբ նշեցէք ձեր առաջնահերթութիւնները: Քիչ մը ծանրութիւն պիտի զգաք ձեր պատասխանատուութիւններէն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Համոզիչ եւ զօրաւոր միտքեր ունիք: Ժողովները եւ հանդիպումները պիտի շատնան: Ի յայտ պիտի գան նոր տուեալներ, որոնք  պիտի օգնեն ձեզի` ճիշդ ընտրութիւն կատարելու: Թերացումէ ուշադիր եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Քննութիւններու յաջող շրջան մը պիտի ըլլայ: Համարձակութեամբ քննարկումներ պիտի կատարէք: Սկսեցէք աշխատիլ եւ մի՛ սպասէք. աւելի լաւ է աշխատիք խումբով: Մի՛ առանձնանաք ձեր կարծիքով:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր առողջական պայմանները թերեւս կարիքը ունին բուժումի կամ դեղորայքի: Նոր ծրագիրներ պիտի ունենաք, բայց սերտեցէք մանրամասնութիւնները: Մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք, օրէնքները յարգեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ օգնութիւն խնդրեցէք ձեր ընկերներէն: Առողջական հարցեր պիտի ունենաք: Երկրորդական գործերով մի՛ զբաղիք, որովհետեւ ժամանակը նեղ է: Կարեւոր եւ նոր էջ մը պիտի սկսիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Խաբեբաներու զոհ պիտի երթաք: Յուսահատ պիտի ըլլաք եւ պիտի նեղուիք ձախողութեան մը համար: Իրար մի՛ անցնիք եւ անակնկալի մի՛ գաք կարգ մը երեւոյթներու հանդէպ, որովհետեւ անոնք անցողիկ են եւ վնաս մը պիտի չպատճառեն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր անձնական խաղաղ յարաբերութիւնները պահեցէք: Պիտի ուրախանաք ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ բարեկամներու կողքին: Հրաւէր մը պիտի ընդունիք  եւ անձնական հարցով մը պիտի ուրախանաք: Մինակ մի՛ մնաք, ձեր ընկերներուն հետ ժամանակ անցուցէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Առիթ պիտի տրուի ձեր դիրքը ամրապնդելու համար: Աշխատեցէք ձեր հարցերուն լուծումներ գտնել` առանց յամառութիւն ընելու: Յաջող ու քաջալերական շրջան մըն է, ձեռնածալ մի՛ մնաք: Պիտի յաջողիք դիմագրաւել այնպիսի դժուարութիւններ, որոնք անցեալին դիմագրաւելը դժուար կը նկատէիք:
 
			