Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնախումբի քարտուղար Դանիէլ Իոաննիսեան երէկ Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխման նախագիծի քննարկման ժամանակ յայտարարեց, որ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան սովորական համամասնական, ճշդուած ցուցակներով` ոչ վարկանշային ընտրակարգով: Անոր համաձայն, վարկանշային ընտրակարգը ամբողջութեամբ մերժուած է, ինչպէս սահմանուած է կառավարութեան ծրագիրին մէջ:
Իոաննիսեան նաեւ յայտարարեց, թէ կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու անցողիկ շէմը պիտի նուազի մէկական տոկոսով: «Անցողիկ շէմը մէկական տոկոսով պիտի նուազի եւ պիտի սահմանուի` կուսակցութիւններու համար 4 առ հարիւր, իսկ դաշինքներու համար` 6 առ հարիւր: Կը նախատեսուի, որ քաղաքական ուժերու նուազագոյն քանակը, որոնք պէտք է անցնին խորհրդարան, անկախ անցողիկ շէմէն, 4 սահմանուի` ներկայիս 3-ի փոխարէն: Այսինքն` սահմանուած է, որ առնուազն 4 քաղաքական ուժերէ պիտի ձեւաւորուի յաջորդ խորհրդարանը», ըսաւ ան:
Իոաննիսեան նշեց, որ Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու նախագիծի անգլերէն տարբերակը ուրբաթ օր արդէն ուղարկուած է Վենետիկի յանձնաժողով, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակ:



