Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Վարչապետ. «Հաճելի Է Խօսիլ Քանատայի Ու Հայաստանի Միջեւ Բարեկամութեան Մասին»

October 13, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցած է  նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի հանդիպումը` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն  մասնակցութեամբ:

Նախագահ Սարգսեան բարի գալուստ մաղթած է Քանատայի վարչապետին` Հայաստանի մայրաքաղաք եւ Ֆրանսախօս երկիրներու ժամանակաւոր մայրաքաղաք Երեւան:

«Մեր ժողովուրդը շատ լաւ կը ճանչնայ ձեր ընտանիքը: Քանատան Հայաստանի համար շատ հարազատ երկիր է: Մենք միշտ գնահատած ենք Քանատայի ժողովուրդը եւ Քանատայի կառավարութեան ջերմ վերաբերմունքը այն հայերուն նկատմամբ, որոնք կարիքի մէջ են: Հայերը երբեք չեն մոռնար ձեր այն քայլը, երբ դուք անձամբ կ՛ողջունէիք Սուրիոյ մեր հայրենակիցները:

Ասոնք պարզապէս լաւ խօսքեր չեն, ասոնք խոր գնահատանքի խօսքեր են», ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ իր կարգին նշած է. «Ուրախ եմ վերադառնալով Հայաստան: Հաճելի է խօսիլ Քանատայի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան մասին, որ ունի լաւ պատմութիւն, սակայն շատ աւելի մեծ ապագայի ներուժ»:

Քանատայի վարչապետը բարձր գնահատած է իր երկրի` հայկական ծագում քաղաքացիներու ներդրումը Քանատայի յաջողութեան պատմութեան գործին մէջ:

Քանատայի վարչապետը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանն ու Քանատան պիտի կարենան միասին աւելի ամուր ապագայ կառուցել` նշելով, որ հայերը իւրայատուկ ժողովուրդ են, եւ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ ըլլան, կը պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ երկու երկիրները կրնան  յաջողութեամբ համագործակցիլ կրթութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ:

Վարչապետ Փաշինեանի Անունով` Պաշտօնական Ընթրիք Ի Պատիւ Քանատայի Վարչապետին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անունով` ի պատիւ  պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի, երէկ երեկոյեան վարչապետի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընթրիք: Մասնակցած է նաեւ Հայաստան նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Արարողակարգին համաձայն, երկու երկիրներու  կառավարութիւններու ղեկավարները հանդէս եկած են  փոխադարձ բաժակաճառերով, անդրադարձած հայ-քանատական յարաբերութիւններուն եւ անոնց զարգացման հեռանկարներուն:

 

Նախորդը

Պոլթըն Պիտի Այցելէ Հայաստան

Յաջորդը

Իոաննիսեան. «Ընտրական Օրէնսգիրքի Բարեփոխումներու Նախագիծը Ուղարկուած Է Վենետիկի Յանձնաժողով»

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.