Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու Տուշանպէի մէջ ԱՊՀ-ի վեհաժողովի ընթացքին ունեցած կարճատեւ զրոյցը օգնեց նուազեցնելու Ղարաբաղի մէջ լարուածութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ԱՊՀ-ի գործադիր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ:
«Ես անձնապէս ականատես եղած եմ, թէ ինչպէ՛ս Ալիեւն ու Փաշինեանը բազմիցս իրարու մօտեցած են եւ քննարկած ղարաբաղեան խնդիրի լուծման հարցերը: Արդիւնքը ակնյայտ է` այժմ շրջանին մէջ լարուածութիւնը նուազած է», երէկ Մինսքի մէջ յայտարարած է Լեպետեւ` աւելցնելով. «Մենք շատ մեծ յոյս ունինք, որ ղեկավարներու այդ բովանդակալից հաղորդակցութիւնը պիտի շարունակուի եւ դրական արդիւնքներու յանգեցնէ»:
Փաշինեան եւ Ալիեւ հանդիպում ունեցած էին 28 սեպտեմբերին:



