«Հայաստան Պէտք Է Վերջ Տայ Ցեղասպանութեան Մասին Անհեթեթ Պնդումներուն» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ
Անթալիոյ մէջ սկսած Եւրասիոյ խորհրդարաններու նախագահներու 3-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին փակ դռներու ետին լուրջ բանավէճ մը տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմի միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՀապերԹիւրք»-ը:
«Թերթ» կը հաղորդէ, որ խորհրդաժողովի ընթացքին Շարմազանով հայկական պատուիրակութեան անդամներուն հետ լքած է դահլիճը ի նշան բողոքի` Կիպրոսի Հանրապետութեան տարածքներու թրքական բռնագրաւման դէմ:
Շարմազանով դահլիճէն դուրս եկած է, երբ Եըլտըրըմ ձայն տուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ չճանչցուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահին:
Թրքական լրատուամիջոցին պնդումով` Շարմազանով նիստի ընթացքին յայտարարութիւններ կատարած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի հիմնահարցին վերաբերեալ, ինչ որ խիստ բարկացուցած է Եըլտըրըմը:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Շարմազանով յայտնած է. «Ազրպէյճանի կողմէ իբրեւ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ռազմավարութիւն ընտրուած ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ յարձակողական գործողութիւնները կը վտանգեն անվտանգութեան եւ կայունութեան հիմքերը ո՛չ միայն շրջանին, այլ ամբողջ ցամաքամասին վրայ»:
Ան աւելցուցած է, որ Հայաստան կը զօրակցի տագնապի բացառապէս խաղաղ քաղաքական միջոցներով լուծման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ արժեչափերու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի կէտերու, մասնաւորաբար` ուժ չկիրարկելու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան հաւասար իրաւունքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ:
Շարմազանով շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տարածքային տագնապ չէ, ինչպէս Ազրպէյճան կը փորձէ ներկայացնել, այլ` Լեռնային Ղարաբաղի, Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի հարց: «Տագնապի լուծումը, առանց այդ իրաւունքի լիարժէք իրականացման, անկարելի է», նշած է ան:
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը նաեւ անընդունելի նկատած է Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը` նշելով, որ ժամանակակից տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հիմնական նախադրեալները բաց սահմաններն են, հարստութեանց ազատ տեղաշարժը, մրցակցութեան հաւասար պայմանները:
«Այս առումով շրջափակումը եւ փակ սահմանները անբնական ու անընդունելի խոչընդոտներ են երկկողմ եւ բազմակողմ տնտեսական համագործակցութեան ճամբուն վրայ: Ցաւօք, Թուրքիան` երկիրը, որ կազմակերպած է այսպիսի կարեւոր եւ ներկայացուցչական նախաձեռնութիւն, 1993 թուականէն ի վեր միակողմանիօրէն փակած է իր սահմանները Հայաստանի հետ», ըսած է Շարմազանով:
Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանը նոյնիսկ կողմ արտայայտուած է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման: «Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը անընդունելի է», ընդգծած է ան:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը պնդած է, թէ Հայաստան այդպիսի կեցուածքով քաղաքական դաշտին մէջ «ինքզինք կը մեկուսացնէ», մինչդեռ «խաղաղ» քաղաքականութիւն վարելու պարագային, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ դրացիներու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել:
«Եթէ Հայաստան իսկապէս կ՛ուզէ կարգաւորել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, ապա պէտք է վերջ դնէ ցեղասպանութեան մասին անհեթեթ պնդումներուն եւ պատմութիւնը ձգէ պատմաբաններուն», յայտարարած է Եըլտըրըմ:
Ըստ անոր, Շարմազանովի յայտարարութիւնները յարիր չեն խորհրդաժողովի ձեւաչափին ու նպատակին:
Վերջինիս աջակցութիւն ցոյց տուած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատով, որ յայտարարած է. «Հայաստան տարիներ շարունակ անհիմն մեղադրանքներ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ»:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ նիստի վերջաւորութեան մասնակից անդամներու ընդհանուր յայտարարութեան ընթերցման ժամանակ հայաստանեան պատուիրակութիւնը ներկայ չէ գտնուած:
Շարմազանով Կը Հերքէ
Աւելի ուշ, Անթալիայի մէջ աշխատանքային այցելութեամբ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով արձագանգած է մամուլին մէջ տարածուած այն լուրերուն, որ իբրեւ թէ Եւրասիական պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներու երրորդ միջազգային համաժողովին վէճ ծագած է իր եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին միջեւ:
Շարմազանով յայտարարեց, թէ տարածուած լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան: «Իմ ելոյթէս ետք մէկ ժամէ աւելի գտնուած եմ սրահին մէջ, ո՛չ Ասատովը, ո՛չ Եըլտըրըմը արձագանգած են իմ յայտարարութեանս: Եըլտըրըմի եւ իմ միջեւ վէճ չէ ծագած: Սրահէն դուրս եկած եմ բացառապէս Կիպրոսի խնդիրին հետ կապուած, իսկ անկէ ետք կամ նիստէն ետք եթէ իրենք որոշած են արձագանգել, ատիկա իրենց խնդիրն է: Ի տարբերութիւն իրենց, ես բոլորին աչքերուն նայելով արտայայտուած եմ, տեղեակ չեմ, թէ ինձմէ ետք խօսա՞ծ են, թէ՞ ոչ», ըսաւ Շարմազանով` աւելցնելով, որ ինք կը հերքէ վէճի մասին լուրերը, քանի որ վէճը կ՛ըլլայ, եթէ երկու կողմերը ներկայ ըլլան:




