«Սասնայ ծռեր» խումբի անդամ Պաւել Մանուկեան դատարանի դահլիճէն ազատ արձակուած է: Այս մասին «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Մանուկեանի պաշտպան Ինեսա Պետրոսեան:
Ան նշեց նաեւ, որ իր միջնորդութիւնը` փոխել Մանուկեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը գրաւի դիմաց, դատարանը բաւարարած է: «Սահմանուած 1 միլիոն դրամի գրաւը վճարուած է, Պաւել Մանուկեանը ազատ արձակուեցաւ», ըսաւ փաստաբանը:



