Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Բաբայեան. «Մաքրոնը Եռանախագահութեան Միացեալ Տեսակէտը Անգամ Մը Եւս Պիտի Ներկայացնէ Պաքուին»

October 6, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ  Ազրպէյճան: Ըստ ռուսական աղբիւրներու, այցելութեան ընթացքին կը  նախատեսուի ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման  գործընթացին  վերաբերեալ քննարկում:

Թէ ինչպէս կը գնահատէ պաշտօնական Ստեփանակերտը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրի ղեկավարի այցելութիւնը Ազրպէյճան, «Փանորամա»-ի թղթակիցը զրուցեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանի հետ:

Վերջինս նախ նշեց, որ Ֆրանսան եւ Ազրպէյճանը, անկախ ամէն ինչէ, ինքնիշխան երկիրներ են եւ բնականօրէն կ՛ուզեն զարգացնել երկկողմանի  յարաբերութիւնները:

«Այստեղ մենք միջամտելու անհրաժեշտութիւն չունինք, քանի որ այդ երկու երկիրները իրենք կ՛որոշեն իրենց յարաբերութիւնները: Երկրորդ, Ֆրանսան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, շատ լուրջ դերակատարութիւն ունի, եւ մենք յատուկ հետաքրքրութիւն ունինք այս այցելութեան մէջ: Համոզուած եմ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը Ֆրանսայի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան միացեալ տեսակէտը անգամ մը եւս պիտի ներկայացնէ Պաքուին:

«Իսկ եռանախագահութիւնը, ներառեալ պաշտօնական Փարիզը, հետամուտ են արցախեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման, Հարաւկովկասեան շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան կողմնակից են: Հետեւաբար մենք կ՛ողջունենք նման քննարկումները, եւ այն, որ պաշտօնական Պաքուն անգամ մը եւս պիտի իրազեկուի եռանախագահութեան հաւաքական մօտեցումին», ըսաւ ան:

Դաւիթ Բաբայեան չբացառեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի` եկող շաբաթ նաեւ Հայաստան ծրագրուած պետական այցելութիւնը կրնայ լաւ առիթ դառնալ` մինչեւ տարեվերջ տեղի ունենալիք Զոհրապ Մնացականեան-Մամետեարով հանդիպումէն առաջ անգամ մը եւս քննարկելու Արցախեան տագնապը:

«Բոլորն ալ լաւ կը հասկնան տագնապին բարդութիւնները, եւ պէտք է կարեւոր նկատուի բանակցային  գործընթացի շարունակականութիւնը  ապահովելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան:

Նախորդը

Արժանթինի Տուկուման Նահանգը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Ընդունած Է

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Ինչո՞ւ Կը Փորձենք Բաց Դուռը Ջարդելով Ներս Մտնել»

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.