Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Արձագանգած Է ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Փաշինեանի` Արցախի Վերաբերող Յայտարարութեան

September 28, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանին կոչ ուղղած է աւելի կառուցողական դիրքորոշում որդեգրելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան»-ը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ի պատասխան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւններուն, նշած է բոլոր հարցերու լուծման համար «Ազրպէյճանի կազմին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի» ազրպէյճանական եւ հայ համայնքներու բնակութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու վերաբերեալ պատրաստակամութեան մասին:

Պաքու անհիմն նկատած է Փաշինեանի յայտարարութիւնները այն մասին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի` Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալու պարագային հայ բնակչութեան դէմ ցեղասպանութիւն պիտի կատարուի:

«Հայ ժողովուրդին դէմ նոր ցնորական ցեղասպանութեան վտանգի մասին յայտարարութիւնները հերթական սուտն են», նշած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն` աւելցնելով, որ Ազրպէյճան մինչեւ հիմա Պաքուի եւ երկրի այլ շրջաններուն մէջ «կը պահպանէ հայկական մշակոյթը եւ ազգային պատկանելիութեան վերաբերող կառոյցները»:

Հաճիեւ. «Փաշինեանի Պնդումները Կրնան Կաթուածահար Ընել Բանակցութիւնները»

25 սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ յայտարարած էր, թէ Արցախի տագնապի լուծման հասնելու համար, Ազրպէյճան պէտք է երկխօսութեան սկսի Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ եւ հրաժարի տագնապին ռազմական լուծում տալու գաղափարէն` իրագործելով բոլոր նախորդ համաձայնագիրներուն պայմանները:

Արձագանգելով Փաշինեանի այս յայտարարութիւններուն` Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Հիքմեթ Հաճիեւ 26 սեպտեմբերին յայտարարած է, թէ նման պնդումներ «կրնան ամբողջովին կաթուածահար ընել» բանակցային հոլովոյթը:

«Եթէ Հայաստան կ՛ուզէ բանակցութիւններուն մէջ յառաջդիմութիւն տեսնել, ապա պէտք է իրագործէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին համապատասխան բանաձեւերը, դուրս բերէ զօրքերը գրաւեալ տարածքներէն եւ դադրի ազրպէյճանցի գաղթականներուն վերադարձը խոչընդոտելէ», Ազրպէյճանի պետական լրատու գործակալութեան ըսած է Հաճիեւ:

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Աղասի Մկրտչեանը Նահատակուած Է Հայրենիքը Պաշտպանելու Ընթացքին»

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Եւ Հայ Դատի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Վարչապետ Փաշինեանի Հետ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.