Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու եւ իրենց կազմերը զօրացնելու նպատակով, կարգ մը ակումբներ օժտուեցան նորեկ մարզիկներով:
Ստորեւ կու տանք անցնող քանի մը օրերուն կատարուած փոխանցումներուն պատկերը.
Քելսէյ Պարլօ միացաւ Հուփսին, Մարվել Հերիս` Մութթահետին, Տերիըն Թաունզ` Աթլաս Ֆըրզոլին, Հասան Տանտաշ` Մութթահետին, Ճիմի Սալեմ, Էտուար Պըշարա, Օմար Այյուպի` Մութթահետին եւ Քարամ Մըշրեֆ` Պէյրութին:


