Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականը, որ երէկ կատարեց համաշխարհային ողիմպիականի իր երրորդ մրցումը, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թուրքիան:
Հայրենի կազմին յաղթական կէտը ապահովեց Հրանդ Մելքումեան, որ երրորդ խաղատախտակին վրայ 33-րդ շարժումին պարտութեան մատնեց Էմրէ Ճանը:
Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան, հաւասարութիւններ արձանագրեցին:
Իր կարգին, իր երրորդ յաղթանակը արձանագրեց Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Յունաստանը: Էլինա Դանիէլեան, Աննա Սարգսեան եւ Մարիա Քուրսովա յաղթեցին, մինչ Լիլիթ Մկրտչեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց:



