Երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին:
Լիբանանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչ եւ փոխատենապետ Դրօ Մանտալեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ վերջին չորս տարիներուն, խումբին արձանագրած յաջողութիւնները եւ նուաճումները պիտի շարունակուին այս տարեշրջանին եւ յառաջիկայ տարիներուն ալ` նորանոր տիտղոսներ շահելու համար:
Ապա ներկայացուեցաւ այս տարեշրջանին կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն.
Մեղրի Թորոսեան (խմբապետ), Լէա Սալիպի, Լէա Ապի Ղոսըն, Մակի Զաքարեան, Լէյլա Ֆարես, Միրամար Մըքտատ, Շիրին Շերիֆ, Լորա Շահրուր, Սթեֆանի Ապպուտ, Ռեպեքա Աքըլ, Ալին Թանկուքեան, Քարմա Ժարուտի (մարզիկներ), Էլենի Քափոկիանի (մարզիչ), Ժորժ Ժահժահ (օգնական մարզիչ), Ռազմիկ Պէօճեքեան (բժիշկ), Յակոբ Ճերենեան, Ալին Գունտաքճեան (պատասխանատու), Ամիր Իտ (Ֆիթնես), Շատա Նասըր (թեքնիք պատասխանատու), Թալին Խաչատուրեան (ատենապետ), Քարոլին Ֆերչեթեան, Քարլա Եսայեան, Ալվարթ Տօնիկեան, Փաթիլ Եսայեան, Լիզա Մանտալեան եւ Լիզա Սոֆեան (յանձնախումբի անդամներ):
Անոնց ներկայացումէն ետք խօսք առաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապի, որ ըսաւ.
«Կը քաջալերենք Թալին Խաչատուրեանին տարած աշխատանքը, ան ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, խումբին յաջողութեան եւ վերելքին նպաստելու:
«Յոյսով ենք, որ ՀՄԸՄ այս տարեշրջանին, իր տուած խոստումը կը յարգէ եւ կը տիրանայ չորս ախոյեանութիւններու:
«Հոս կարեւորութեամբ կ՛ուզեմ նշել էական կէտ մը, որ ՀՄԸՄ պէտք է յաւելեալ աշխատանք տանի տարիքային խումբերուն վրայ ալ, որպէսզի կարելի ըլլայ ազգային խումբերուն համար մարզիկներ պատրաստել:
«Խօսքս եզրափակելով կու գամ ըսելու, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը միշտ ալ պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ի կողքին, որովհետեւ անիկա վստահ է, որ ՀՄԸՄ իր արձանագրած արդիւնքներով միշտ պիտի գայ բարձր պահելու Լիբանանի անունը»:
Աւարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ-ին:
Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն անդամներ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեան եւ մարզական բազմաթիւ լրագրողներ:
Լուսանկարները Տրամադրեց
PROFOTO






