Ազրպէյճան սպառնացած է վար առնել հայկական զինուորական օդանաւերն ու ուղղաթիռները: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը «հերթական սադրիչ գործողութիւններուն ձեռնարկած է»` տեղեկութիւն տարածելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օդուժի ուսումնական թռիչքներ կատարելու վերաբերեալ:
«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ հակառակորդի որեւէ օդային փոխադրամիջոց, որ կը փորձէ մօտենալ ազրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումներու յառաջատար դիրքերուն, անմիջապէս պիտի չէզոքացուի: Հաւանական կորուստներու համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», նշած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ պաշտպանութեան բանակի մարտական պատրաստութեան 2018-ի ծրագիրին համաձայն, պաշտպանութեան բանակի օդուժը 25-28 սեպտեմբերին պատերազմական օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու մասնակցութեամբ ուսումնամարզական թռիչքներ պիտի կատարէ:
Ուսումնամարզական թռիչքներուն նպատակն է կատարելագործել ընդգրկուած անձնակազմի հմտութիւններն ու բարձրացնել անոնց մարտական պատրաստութեան աստիճանը: