Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Երոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան կոմիտէի առեւտուրի հարցերով առաջին նիստին Եւրոպական յանձնաժողովի առեւտուրի գլխաւոր տնօրէնութեան բաժանմունքի պետ Փեթրոս Սուրմելիս ըսած է, որ Հայաստանի մէջ կատարուած քաղաքական փոփոխութիւնները աւելի կ՛ամրապնդեն Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն առեւտրական կապերը:
Ան լրագրողներուն ներկայացուցած է այն բարեփոխումները, որոնք կը նախատեսուին Հայաստանի առեւտրական մարզին մէջ` Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համաձայնագիրի ծիրին մէջ` նշելով, որ ի շարս այլ ծրագիրներու, նախատեսուած են բարեփոխումներ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի մէջ կարգաւորման դաշտի փոփոխութեան: Պիտի մշակուին նոր կանոնակարգեր, որոնք պիտի ապահովեն մրցակցութեան հաւասար պայմաններ, յատկապէս այն, որ բոլոր մակարդակներուն վրայ իրաւասութիւնները պիտի ըլլան նոյնը, առանց առանձնաշնորհումներու, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ, որ յատկապէս նորարարական նորաստեղծ ընկերութիւնները մրցակցութեան առումով խնդիրներ չունենան:



