Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքէն կը հաղորդեն, թէ նախարար Արթուր Խաչատրեան եւ փոխնախարար Արտակ Քամալեան 18-19 սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէին Վրաստան:
Այցելութեան առաջին օրը նախարար Արթուր Խաչատրեան առանձնազրոյց ունեցած է Վրաստանի շրջակայ միջավայրի եւ գիւղատնտեսութեան նախարար Լեւան Տաւիթաշվիլիի հետ, այնուհետեւ տեղի ունեցած է երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը, որուն մասնակցած են Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արտակ Քամալեան, Վրաստանի շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Կիորկի Խանիշվիլի, Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ: Կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան հարցերու լայն շրջանակ: Լեւան Տաւիթաշվիլի ներկայացուցած է Վրաստանի մէջ գիւղատնտեսութեան մարզի զարգացման պետական օժանդակութեան ծրագիրները:
«Ասիկա իմ առաջին այցելութիւնս է Վրաստանի Հանրապետութիւն` իբրեւ նախարար, եւ պէտք է նշեմ, որ գիւղատնտեսական մարզին մէջ զգալի յառաջընթաց կայ: Մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացած եմ նորութիւններուն եւ յոյս ունիմ, որ մեր արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կ՛ըլլայ շարունակական», ըսած է նախարար Արթուր Խաչատրեան` «Փալիթրա Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Այցելութեան շրջագիծին մէջ հայկական պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Ջիկարայի բազմամեայ մշակաբոյսերու ուսումնահետազօտական կեդրոն, ինչպէս նաեւ Ծիլկանիի մէջ գտնուող Իվանէ Սարիշվիլիի անուան Վերլուծական հետազօտութիւններու տարրալուծարան, հետեւած է խաղողի բերքահաւաքին եւ ծանօթացած աշխատանքներուն:



